2008-12-09 11:00:39

Երեքշաբթի 9 Դեկտեմբեր 2008 – տօն Անարատ Յղութեան Սուրբ Կուսին, խորհրդածութիւն


՚Մեծացուցսցէ անձն իմ զՏէր՚ ՚

Ահա այսօր կը լրանայ 150-ամեայ յոբելեանը Լուրտի երեւումներուն։ Անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր 8-ին սկիզբ առաւ ան, Սրբազան Պապի հրահանգով եւ տեւեց մէկ ամբողջ տարի մը։ Սակայն Մարիամ իր շնորհքներով կը շարունակէ միշտ գործել եւ օգնութեան հասնիլ բոլոր իրեն դիմողներուն, ինչպէս որ խոստացած է։

Լուրտի մէջ, 150 տարիներ առաջ` Սուրբ Կոյս Աստուածածինը երեւցաւ 14 տարեկան համեստ ու աղքատիկ աղջկայ մը, Պերնատեթ Սուպիրույի, անոր տալով որպէս պատգամ` տարածել իր ջերմեռանդութիւնը աշխարհի վրայ, եւ խնդրել իրմէ առատ շնորհքներ, ինք որ Անարատ Յղութիւնն է։

Երեւումներէն չորս տարիներ առաջ` 1854-ին, Պիոս Թ. Սրբազան Պապը, յետ առնելու կարծիքը աստուածաբաններու եւ եկեղեցական գլխաւոր իշխանաւորներուն, հռչակած էր Անարատ Յղութիւնը որպէս Եկեղեցւոյ վարտապետութեան մաս եւ բաժին. Արդարեւ` այն որ Աստուծոյ մայրը ըլլալու մեծագոյն պատիւին պիտի արժանանար, չէր կրնար մնացած ըլլալ մեղքի գերութեան տակ, ուստի եւ իր յղութեան առաջին վայրկեանէն իսկ զերծ էր սկզբնական մեղքի արատէն։

Մարիամի անարատ յղութիւնը օգտակար դարձաւ Քրիստոսի մարդեղութեան. Ան մեծապէս նպաստեց աշխարհ բերելու Ամենասուրբը, որ Փրկիչն է մարդկութեան, բայց նաեւ Արարիչն ու ստեղծիչն է երկնքի եւ երկրի. Մեղքի որեւէ արատ չդպաւ Յիսուսի աշխարհի մէջ իր մուտքին առթիւ։

Սակայն ի՞նչ օգտակարութիւն եւ նպաստ ունի Մարիամի անարատ յղութիւնը մարդկութեան. Գործնական կերպով ան որեւէ առաւելութիւն մը կը ներկայացնէ՞ մարդ արարածին համար։ Եթէ նկատի առնենք թէ Մարիամ մեզմէ մէկն է, ուստի մարդկային բնութիւն ունի եւ ամէն բանի մէջ` նման է մեզի, բացի ինչպէս ըսինք մեղքի բիծէն, այն ատեն կ՛ըմբռնենք թէ իր անարատութիւնը պատիւ է մարդկութեան, անով ան կը բարձրացնէ մարդ էակը, զայն աւելի եւս մօտեցնելու համար Աստուծոյ։

Իսկ պատիւէն աւելի, Անարատ Յղութիւնը Մարիամի` շնորհք է մարդկութեան համար. Արդարեւ ան կը դառնայ մեր առաջնորդը դէպի սրբութիւն, մեզի կ՛օգնէ հասնելու կատարելութեան եւ ազատուելու չարին ճիրաններէն։ Ան է կինը որուն մասին կ՛ըսուի Ծննդոց Գրքին մէջ թէ պիտի ճզմէ օձին գլուխը։ Ինքն է Նոր Եւան։

Նոր Եւայի շնորհքներով, մարդս պիտի վերստանայ դրախտային կեանքի իր նախնական անմեղութիւնը. Իր մարմնաւոր կեանքը պիտի շարունակուի այս ցաւերով լի աշխարհին մէջ, մինչեւ որ օր մը իր վախճանին հասնի, սակայն իր հոգեւոր կեանքը պիտի դառնայ անարատ ու անբիծ, որպէսզի կարենայ ժառանգել յաւիտենական անապականութիւնը եւ յետագային, վերջին դատաստանի օրը, նաեւ մարմինը դարձնէ երջանկակից` երկնային դրախտին մէջ։

Մարիամ մեր ամենուս պաշտպանն է, մեր օգնականն է, մեր թագուհին է, բայց ամէնէն աւելի մեր մայրն է. Ան մայրն է մեզմէ ամէն մէկուն, մայրն է Եկեղեցւոյ, բայց նաեւ մայրը բոլոր մարդկութեան։ Ան չի թողուր որ իր զաւակները յաւիտենապէս կորսուին եւ ամէն միջոց ու հնարք կը խորհի մեզ հասցնելու այն երջանիկ կեանքին որ նախապէս սահմանուած էր մեզի, մեր ստեղծագործութեան առաջին օրէն իսկ։

Ուստի պատիւ ու մեծարանք պարտինք մեր երկնաւոր մօր, որուն երբեք պէտք չէ դադրինք աղօթելէ, որպէսզի պաշտպանէ մեզ այս աշխարհի վրայ ու բարեխօսէ մեզի համար որպէսզի առատօրէն ընդունինք իր Որդւոյն պարգեւած շնորհքները. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.