2008-12-09 13:53:51

Ակնարկ Մը Միջաջգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջաջգային Դէպքերուն։

Խռովութիւններ Յունաստանի Մէջ։Դեկտեմբեր 8ին, խռովարարները շարունակեցին յարձակիլ Յունաստանի ոստիկանութեան դիրքերու, ներքին Գործոց նախարարութեան ու խորհրդարանի շէնքին վրայ, մինչ ոստիկանութիւնը կը փորձէր զսպել կացութիւնը։ ։ Խռովարարները կը հրկիզեն խանութներ, ինքնաշարժներ ու նաեւ անցարգելներ։ Յունաստան լոյս տեսնող ՝՝Ազատ Օրէն՝՝ կը տեղեկանանք որ սպաննուած 15ամեայ Ալեքսանտրոս Ղրիղորոփուլոս պատանին ծագումով հայ է (մօր կողմէն)։ Ան սպաննուած է, երբ խումբ մը երիտասարդներ ոստիկանական ինքնաշարժի մը դէմ յարձակած են, ու բախում ունեցած ՝ երկու ոստիկաններու հետ։ Այսօր Յունաստանի վարչապետ Գօսթաս Գարամանլիս, Հանրապետութեան Նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի քով երթալով տեղեկութիւններ փոխանցեց, երեք օրէ ի վեր տեւող խռովութիւններու մասին։ Ապա Գարամանլիս կոչ ուղղեց բոլոր Կուսակցութիւններուն որպէսզի դատապարտեն երկրի մէջ ի զօրու բռնարարքները որ կը սպառնան ՝՝ընկերութեան եւ նոյնինքն ժողովրդավարութեան՝՝։



Բաժնետոմսերու Շուկաներու Լաւատեսութիւնը։Սկսելով Ասիայէն ու Եւրոպայէն, հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահագններ՝ բաժնետոմսերու շուկաներու լաւատեսութիւնը տիրող էր Երկուշաբթի Օր,Դեկտեմբեր 8ին, յատկապէս տնտեսութեան ու ենթակառոյցի շինարարութեան նպատակով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան խոստացած հսկայական ներդրումներուն շնորհիւ։Արդարեւ, մինչ Չինաստանի իշխանութիւնները կը քննէին մօտաւորապէս 600 միլիառ տոլարի ներդրումի մը կարելիութիւնները, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա 7 Դեկտեմբերին շեշտեց՝ ՝՝նման ներդրումներ կատարելու՝՝ կարեւորութիւնը, աւելցնելով սակայն, թէ ՝՝նախքան տնտեսութեան կացութեան բարելաւումը, երկիրը պիտի դիմագրաւէ նոր դժուարութիւններ՝՝։



Նոյեմբեր Ամսուայ Ընթացքին Իրանէն Արտաքսուած Են 30,000 Աֆղաններ։

Դեկտեմբեր 3ին, Աֆղանիստանի կառավարութիւնը դարձեալ խնդրած է Իրանի իշխանութիւններէն, որպէսզի Աֆղան գաղթականներուն արտաքսումը կասեցնէ, մինչ գաղթականական հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչը կը յայտնէր, թէ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Իրան արտաքսած է այլ 30,000 աֆղան գաղթականներ։ ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն, Իրան մուտք գործած են մօտաւորապէս երկու միլիոն աֆղան գաղթականներ, որոնցմէ միայն կէսը Իրան մնալու իրաւունք ստացած է։



Թուրք Ազայնամոլները Կը Պահանջեն Ձերբակալել ՀԱՅԵՐԷՆ Ներում Խնդրողները։ Թուրք ազայնամոլական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շարք մը պատմաբաններ արդէն յայտարարած են, որ 1915ի Օսմանեան կայսրութեան Հայոց ցեղասպանութեան մասին Հայաստանի պնդումներուն աջակցող մարդիկ պէտք է ձերբակալուին։Նշենք, որ 1915ի Ցեղասպանութեան համար Հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու արշաւը 15 Յունուարին համացանցի վրայ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ պիտի բացուի ։ Ահմէտ Ինսալի, Պասքըն Օրանի, Ճէնկիզ Աքթարի ու Ալի Պայրամօղլուի կողմէ պատրաստուած պատճէնին մէջ անոնք անհատապէս ներողութիւն կը խնդրեն Հայերէ, 1915ին պատահածներուն ու այսքան երկար տարիներէ ի վեր պատահարներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութեան կամ սխալ քարոզչութեան հետեւանքով։Պահչէշէհիր Համալսարանի դասախօս Ճէնկիզ Աքթար յայտնած, թէ սոյն արշաւը անհատական բնոյթ ունի եւ ոչ մէկուն վրայ պարտաւորիչ է։Ահաւասիկ ներողութիւն կը խնդրեմ-ի Պատճէնը։ ՝՝Ներողութիւն կը խնդրեմ անոր համար, որ այս բոլորին մասին բնաւ չխօսուեցաւ։ Ներողութիւն կը խնդրեմ անոր համար, որ այս բոլորը չկրցանք իրարու հետ բաժնել բաւարար չափով։ Ներողութիւն կը խնդրեմ անոր համար որ այս նիւթը կերպով մը քօղարկուեցաւ՝՝։ Բայց ասիկա իմ անձիս կողմէ խնդրուած ներողութիւն է ուրիշները չի ներառներ(ըսած է Աքթար)։ Իսկ Պասքըն Օրան, իր կարգին յայտնած, որ՝ Ես ներողութիւն կը խնդրեմ որպէս Թուրքիոյ հանրապետութեան հայրենակից մը։ Ով որ կուզէ, ներողութիւն կը խնդրէ, ով որ կուզէ, Այսպիսի բան մը չէ պատահած ըսելով՝ իր ճամբան կը շարունակէ։

Այս արշաւին մասին (ըսենք նաեւ որ) թրքական թերթերու կայքէջերուն վրայ հրատարակուած լուրերուն տակ ընթերցողներէ եկած շատ բուռն բողոքներ ու հայհոյալից արտայայտութիւններ ալ կան։Զանազան քրոնիկաիրներ արդէն սկսած են հակազդեցութիւն ցոյց տալ այս ձեռնարկին նկատմամբ եւ յայտնի է, որ հակազդեցութիւնները հետզհետէ աւելի պիտի զօրանան( կը գրէ պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթը)։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ) առաջնորդ Տէվլէթ Պահչէլի իր կարգին խիստ քննադատութեան ենթարկած է հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու նախաձեռնութիւնը։ Ըստ Պահչէլիի՝ ոչ թէ թուրք, այլ հայ ժողովուրդը պէտք է ներողութիւն խնդրէ իր արարքներուն համար.....................................








All the contents on this site are copyrighted ©.