2008-12-08 14:03:39

Ոգեկոչում Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու 20-րդ տարելիցին


RealAudioMP3 Կիրակի 7 Դեկտեմբեր 2008ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան եկեղեցիներու մէջ ոգեկոչուեցաւ 20 տարի առաջ Հայաստանը ցնցող երկրաշարժի յիշատակը զանազան արարողութիւններով։

Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ ։ Ներկայ էին նաեւ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Պատարագէն ետք ներկաները մեկնեցան Գիւմրի, որուն հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանի բացում՝ հեղինակ-քանդակագործ Ֆրիտ Սողոյեանի եւ Նիքոլայ Ռիժքովի մասնակցութեամբ։ Այս առթիւ Ռուսիոյ նախագահ՝ Տմիթրի Մետվետեւ ուղերձ մը յղած է 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանի բացման արարողութեան մասնակիցներուն։ Իր ուղերձին մէջ Մետվետեւ մասնաւորապէս ըսած է Հայաստանի երկրաշարժի 20-ամեայ տարելիցին օրը մենք կը խոնարհինք հազարաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ։

1988-ի երկրաշարժի զոհերու 20-րդ տարելիցը նշուեցաւ նաեւ Իտալիոյ մայրաքաղաք՝ Հռոմի մէջ, Ս. Նիկողայոսի անուան հայ եկեղեցւոյ մէջ, որ սկիզբ առաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագով զոր մատոյց գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վ. Քէլէկեան Մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին եւ գործակալ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին Ս. Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ։

Ս. Նիկողայոս մեծ եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր հայ եւ իտալացի հաւատացեալներով.

ներկայ էին պետական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու նաեւ ներկայացուցիչներ՝ այն հաստատութիւններուն, ընկերակցութիւններուն ու պետական կազմակերպութիւններուն որոնք օգնութեան փութացին աղէտեալ անձերուն։

Սուրբ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն երկրաշարժի զոհերուն համար որմէ ետք սկիզբ առաւ ոգեկոչման յայտագիրը։ Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդէն տիար Էմմանուէլ Ալիբրանտի իր բացման խօսքին մէջ վերյիշեց 7 Դեկտեմբերի 1988-ի երկրաշարժը։

Հռոմի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման արարողութեան նպատակն էր նաեւ շնորհակալութեան զգացումները արտայայտել, Իտալիոյ օժանդակութեան Հայաստանին, սուգի եւ աղէտի դժուար օրերուն։ Եւ ասոր համար հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու օգնութիւն ցուցաբերած անձնաւորութիւններ որոնք նաեւ նպաստեցին Հայաստանի վերաշինութեան գործընթացքին։

Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը Ուղեւորութիւն դէպի յոյս մեկնաբանուած՝ տիկ. Նուարդ Գրիգորեանի կողմէ Օր. Տիանա Կարապետեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ։

Տիար Տիգրան Սամուէլեան Իտալիոյ մօտ Հ Հ հաւատարմատարը խօսք առնելով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Իտալիոյ...

Հռոմի հայ գաղութէն Տիկին Դանիա Իսսոյեան ասմունքեց

Ապա իրենց սրտի խօսքը արտայայտեցին օժանդակութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ որոնց որպէս շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն նուէր տրուեցաւ հայկական մանրանկարչութեան նմուշներ։

Այս առթիւ Դպրեվանքի բակին մէջ ցուցադրուած էր ցուցատախտակներու վրայ (50*50) 14 լուսանկարներ զորս Իտալական Քաղաքական Պաշտպանութիւնը այդ ատեն նկարահանած էր եւ որմէ օրինակ մը նուիրած Երեւանի թանգարանին։ Հուսկ դպրեվանքի շքեղ հիւրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը ներկաներուն հրամցուեցաւ հայկական եւ իտալական համադամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.