2008-12-08 13:19:24

Եկեղեցական Գիտելիքներ


4-րդ Շաբաթ Յիսնակաց - 7 – 13 Դեկտեմբեր 2008

Յիսնակաց չորրորդ շաբաթը նուիրուած է Աստուծոյ արքայութեան առակին, որով Յիսուս բացէ ի բաց կը հասկցնէ Հրէաներուն թէ` քանի մերժեցին Աստուծոյ հրաւէրը, արհամարհելով իր ուղարկած փրկիչը եւ մտիկ չընելով անոր խօսքերուն, հրաւէրը կ՛անցնի աշխարհի միւս բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք սիրով կ՛ընդունին նոր աւետիսը եւ կ՛ապրին Յիսուսի պատգամած կեանքի սկզբունքներուն համեմատ։

Այս շաբթուայ ընթացքին կը հանդիպի Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան տօնը, որը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն մին կը սեպուի։

Երկուշաբթի 8 Դեկտեմբերին կը տօնենք երեք սուրբ նահատակներ, որոնք, ծագումով աթենացի զինուորականներ էին, սակայն ղրկուած էին Հռոմի կայսեր կողմէ Աղեքսանդրիա, հոն հանդարտեցնելու համար զանազան խռովութիւնները. Անոնց առաջինն է Մինաս, ճարտասան եւ իմաստուն զօրականը, իր քարտուղարը` Գրափոս եւ ապա` Երմոգինէս աթենացի եպարքոսը։ Առաջին երկուքը Աղեքսանդրիոյ մէջ ընդունեցան քրիստոնէութիւնը եւ համարձակ կերպով անոր կը վկայէին. Երմոգինէս ղրկուեցաւ զիրենք դատելու համար, սակայն ինք եւս դարձաւ քրիստոնեայ եւ ի վերջոյ երեքն ալ նահատակուեցան Գաղերիոս կայսեր ձեռամբ։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ երկու կամաւոր աղքատներ. Ալեքսիանոս` Հռովմայեցի եւ Յովհաննէս Կ.Պոլսեցի, որոնք թողլով աշխարհի հրապոյրները – երկուքն ալ հարուստ ընտանիքի զաւակ էին – կամաւորապէս շրջեցան որպէս աղքատներ, ողորմութիւն խնդրելով եւ իրենց հացը անցորդներէն մուրալով։

Երեքշաբթի 9 Դեկտեմբերին` կը տօնենք Սուբ Կոյսի Անարատ Յղութիւնը. Այս տօնը կը պանծացնէ Աստուածամայրը, որ ըստ Եկեղեցւոյ աստուածաբաններու մեծամասնութեան` չէր կրնար արատաւորուած ըլլալ սկզբնական մեղքէն, ուստի եւ իր յղութեան առաջին վայրկեանէն իսկ իր մօր` Աննայի արգանդին մէջ, ան անրարատ եղաւ սկզբնական մեղքէն. Կաթողիկէ Եկեղեցին այս վարդապետութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց 1854-ին, ուստի Լուրտի երեւումներէն 4 տարի առաջ, որով Լուրտի մէջ` Մարիամ ինքզինք յայտնեց Պեռնատէթի որպէս Անարատ Յղութիւն։

Հինգշաբթի 11 Դեկտեմպերին տօնն է Կուռնելիոս հռովմայեցի հարիւրապետին, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցաւ եւ մկրտուեցաւ ընտանեօք ձեռամբ Պետրոս Առաքեալի, ինչպէս նաեւ Շմաւոնին, որ Քրիստոսի ազգական կը կոչուի։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Եկեղեցւոյ մեծ սուրբ Հայրերէն` Ս. Պօղիկարպոս, Զմիւռնիոյ հայրապետը, որը աշակերտած էր Յովհաննէս Աւետարանիչին եւ Առաքեալին եւ որմէ ստացած էր եպիսկոպոսական օծումը, 96 թուին. Նահատակուեցաւ Մարկոս-Աւրելիոս կայսեր յարուցած հալածանքներուն առթիւ, 166 թուին, կարգ մը վկաներու հետ, զորս Եկեղեցին կ՛անուանէ Արեւելեան Վկաներ։

Շաբաթ 13 Դեկտեմբերին` տօնն է Յակոբ Մծբնայ մեծ հայրապետին։

Ասորի ծագումով` սակայն սերտօրէն կապուած է հայ Եկեղեցւոյ, որով ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոսրովուհի հօրաքրոջ որդին էր եւ մանկութեան շրջանին` դաստիարակուած էր Գրիգորի հետ Կեսարիոյ մէջ. Ապագային ալ` ան շատ օգտակար դարձաւ հայ ազգի աւետարանացման համար։ Կը պատմուի թէ մագլցած ըլլայ Արարատ լեռը, ուրկէ բեկոր մը բերած է Նոյան Տապանէն։

Իր հետ կը տօնուի նաեւ Մարուգէ ճգնաւորը, որ մարգարէացած էր իրեն թէ մօտօրէն Մծբինի հայրապետ պիտի ըլլար։








All the contents on this site are copyrighted ©.