2008-12-07 16:25:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


 Կիրակի, Դեկտեմբեր 7, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. Եսայեայ մարգարէն կ՛աղաղակէր. Տիրոջ ճանապարհը պատրաստեցէք, որովհետեւ անոր գալուստը մօտ է։ Ան վերջ պիտի դնէ ընտրեալ ժողովուրդին ցաւերուն ու վիշտերուն։ Արդարեւ մարգարէին աղաղակը իրականացաւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ։ սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր կը գտնուինք յիսնակաց ժամանակի մէջ։ Այս ժամանակը պատրաստութիւնն է Յիսուսի ծննդեան։ Մարեամ նոր մարդկութեան առաջնորդն է ան մեր կ`ուղղէ դէպի նոր երկինք եւ նոր երկիր, ուր արդարութիւնը հաստատուած է։ Անոր մայրական բարեխօսութեան դիմնեք սպասելով նոր ժամանակներու խաղաղութիւնն ու փրկութիւնը։

իսկ Մարեմեան Հրտեշտակ Տեառն աղօթքէն ետք, Սրբազան հայրը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները ըսելով Ս. Յովվհաննէս Մկրտիչի նման մենք կանչուած ենք պատրաստելու Տիրոջ ճանապարհը, որովհետեւ ահա Տէրը մեզի կու գայ։ Անհանբեր ընդունինք Տէրը, ինք որ ուզեց մարմնանալ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։ Սպասումի այս ժամանակը թող ըլլայ սրտի բարենորոգումի առիթ, որպէսզի կարենանք ապրիլ արդարութեան, խաղաղութեան ու զօրակցութեան ու եղբայրօգնութեան մէջ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ միքանի օր առաջ վախճանեցաւ Ռուսիոյ պատրիարքը` Ալեքսիս Բ օրթորտոքս եղբայրներուն աղօթքներուն միանանք, որպէսզի Տէրը իր Արքայութեան մէջ ընդունի զայն։

Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ վաղը լատին լեկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնը։ Իսկ հինգշաբթի դեկտեմբեր 11-ին հանդիպում պիտի ունենամ Հռոմի համալսարականներուն հետ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ. պատարագին աւարտին, որ պիտի գլախւորէ Հռոմի թեմի տեղապահը` կարտինալ Agostino Vallini, համալսարականներուն պիտի յանձնեմ Պօղոս առաքեալի Հռոմէացիներուն ուղղած թուղթը Պօղոսեան տարւոյն առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.