2008-12-07 16:30:39

Այսօր՝ Կիրակի 7 դեկտեմբեր 2008 հայերը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կը ոգեկոչեն Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու 20-րդ տարելիցը։


20 տարիներու հեռաւորութենէ կը դիտենք այն դաժան օրը, երբ ուժգին երկրաշարժ մը կասեցուց ամէն ինչ Գիւմրիի, Վանայ Ձորի եւ Սպիտակի մէջ ժամանակն ու ընթացիկ գործունէութիւնը կանգ առին, կանգ առին մարդոց կեանքերը։ 20 տարիներու հեռաւորութենէն կը դիտենք երէկուան մանուկները, այսօրուան երիտասարդները, որոնք հակառակ հոգեկան ու ֆիզիքական բազում դժուարութիւններուն, կրցան ոտքի ելլել, կրցան ապրիլ՝ նաեւ նահատակուողներուն փոխարէն։ 20 տարիներու հեռաւորութենէն կը դիտենք կործանումը ամբողջ քաղաքի մը, որուն մէկ մասը գետնին տակ անցաւ՝ իրեն հետ կուլ տալով՝ նիւթն ու հոգին, բնակարաններն ու մարդիկը։ Երբ 20 տարիներու հեռաւորութենէն կը դիտենք աղէտը, կը վերյիշենք այս առիթով Շարլ Ազնաւուրի մեկնաբանած երգը, անպայման պէտք է յիշենք մեր զոհուածները՝ բնութեան հարուածին պատճառով, որովհետեւ անոնք իրենց շունչն ու երազները, պատգամներն ու կտակները կը փոխանցեն մեզի, որպէսզի մենք աւելի եւս զօրանանք ու ամրանանք, մանաւանդ որ մենք կը հանդիսանանք այնպիսի ազգ մը, որ շա՜տ սորվելիք ունեցած է եւ ունի իր նահատակներէն եւ միշտ ալ ատակ եղած է լսելու անոնց պատգամները՝ պատմութեան խորքերէն։ Խունկ եւ աղօթք 7 դեկտեմբեր 1988-ին բնութեան զոհը գացած մեր հայորդիներուն։ Ծաղիկներ ու մոմեր՝ անոնց շիրիմներուն։ Յոյս եւ հաւատք՝ վերապրողներուն եւ երթը շարունակողներուն








All the contents on this site are copyrighted ©.