2008-12-05 12:48:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ.Քահանայապետին ճառը Չիլիի եպիսկոպոսներուն. ՙ ՙհաւատքը կարող է լուսաբանել ընկերութեան բոլոր խաւերն ու մասերը՚ ՚։


Ընկերութեան բոլոր մասերը` մշակոյթը , քաղաքականութիւնը, շրջապատը, կեանքը կամ դաստիարակութիւնը կարող են լուսաբանուիլ հաւատքի լոյսով, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով Չիլիի եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին Հնգամեայ այցելութեան առիթով։

Սրբազան Քահանայապետը նաեւ ողջունեց Չիլիի եկեղեցւոյ աշխատանքը աղքատներուն ի խնդիր։ Չիլիի 30 եպիսկոպոսներուն ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը խրախուսեց զանոնք որ շատ մօտ ըլլան քահանաներուն, հասկնալու անոնց դժուարութիւնները ու հետամուտ ըլլան քահանայութեան թեկնածուներուն մարդկային, մտաւորական ու հոգեւոր կազմաւորումին։

Անցեալ հոկտեմբեր 18-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունելով Չիլիի հանրապետութեան նախագահը տիկին Michelle Bachelet, վերակոչեց կեանքի մարտահրաւէրները. ընտանիքը, դաստիարակութիւնը, մարդու իրաւունքները, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը նախագահին մատնանշեց Չիլիի եկեղեցւոյ բերած դրական սատարը Չիլիի ընկերութեան եւ մասնաւորապէս ընկերային ու կրթական մարզերու մէջ։ Յայտնենք թէ Չիլիի բնակչութեան 70 տոկոսը կաթողիկէ է։

Ուրբաթ 5 Դեկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեցաւ

Արժանթինի նոր դեսպան` տիար Juan Pablo Cafiero-ի հաւատարմագրերը

Գերապայծառ Alessandro D'Errico-ն առաքելական դեսպանը Պոզնիայի եւ Էրզեկովայի

Ապա ընդունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Լիւսսեմպուրկի դեսպանները` ողջերթի այցելութիւն։

Աստուածաբանութեան միջազգային յանձնախումբի 35 անդամները,

Հուսկ ՙ ՙԵրուսաղեմի ՙՍ. Գերեզման՚՚՚՚ ՚ ասպետները թիւով 125 հոգի։










All the contents on this site are copyrighted ©.