2008-12-05 12:59:22

Լուրեր հայ աշխարհէն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան տնօրէններու խորհուրդի պատուիրակութիւնը։


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 Դեկտեմբերին ընդունած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան տնօրէններու խորհուրդի պատուիրակութիւնը։ Հայրոնի նախագահը բարձր գնահատած է Եւրոպական դրամատան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ՝ նշելով, որ փոխադարձ գործակցութիւնը սկսած է երկրի անկախացումէն անմիջապէս ետք, եւ այս տարիներուն ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններուն մէջ անկասկած մեծ է նաեւ դրամատան դերակատարութիւնը։ Ներկայիս Հայաստանի առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրներէն Սերժ Սարգսեան առանձնացուցած է երկուքը՝ տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը եւ համաշխարհային ելեւմտական ու տնտեսական տագնապը դիմակայելը, անոր ազդեցութիւնը ըստ կարելւոյն նուազագոյնի հասցնելը։ Նախագահը այս ծիրին առաջնահերթ քայլեր նկատած է լրացուցիչ միջոցներու ներգրաւումը, կառավարման համակարգին արդիւնաւէտութեան բարձրացումը՝ միաժամանակ նշելով, որ կառավարութիւնը կը նախատեսէ իրականացումը ՙ ՙկարճաժամկէտ ու նոյնպէս ալ երկարաժամկէտ ծրագիրներուն՚ ՚ ։



Հայաստանցի 120 Ուսանողներ Արտասահման Ուղարկուած Են

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան բաժինի պետ Վահէ Գրիգորեան հաղորդած է որ տարբեր միջպետական համաձայնագրերու շրջանակներէն ներս, Հայաստանէն այլ երկիրներ մեկնած են 120 ուսանողներ՝ կրթութիւն ստանալու նպատակով։ Ըստ Գրիգորեանի, մեծ թիւով տեղեր ներկայացուած են Ռուսիայէն, Ռումանիայէն, Չեխիայէն եւ Պուլկարիայէն։ Պահանջուած մասնագիտութիւններն են բժշկութիւնը, տնտեսագիտութիւնը, իրաւագիտութիւնը, միջազգային յարաբերութիւնները։ Ընթացիկ տարուան ընթացքին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը Սուրիոյ հետ ստորագրած է համաձայնագիր մը, ըստ որուն արդէն Հայաստանէն 28 ուսանողներ 10 ամսուան ժամկէտով մեկնած են Սուրիա՝ արաբերէն լեզու սորվելու համար։ Իսկ այլ երկիրներէ Հայաստան ժամանած են շատ աւելի մեծ թիւով ուսանողներ Իրանէն՝ 1000, Հնդկաստանէն՝ 600 եւ այլ երկիրներէ ուսանողներ, որոնք գլխաւորաբար կուսանին Մխիթար Հերացիի անուան Երեւանի պետական բժշկական եւ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարաններուն մէջ։



Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արտասահմանեան Անդամ Ընտրուած Է Սփիւռքահայ 78 Գիտնական

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ընդհանուր ժողովին որոշումով սփիւռքահայ 78 հանրաճանաչ գիտնականներ ընտրուած են սոյն ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ, Հայաստանի գիտութեան զարգացման նպաստելու նպատակով։ Նորընտիր անդամները ընդունուած են հայագիտութեան, հասարակական գիտութիւններու, քիմիական, երկրի մասին գիտութիւններու, բնագիտութեան, աստղաֆիզիքսի, ուսողութեան եւ ճարտարագիտական գիտութիւններու բաժանմունքներէն ներս, եւ իրաւունք ստացած են իբրեւ փորձագէտներ՝ ելոյթներով մասնակցելու ԳԱԱի գիտական հիմնարկներու աշխատանքներուն եւ տարեկան ընդհանուր ժողովներուն։ Նորընտիր գիտնականներուն հետ կատարուող աշխատանքը պիտի համադրէ ակադեմիոյ նորաստեղծ Սփիւռքահայ գիտնականներու բաժինը, որուն նպատակն է աշխուժացնել Հայաստան-Սփիւռք կապերը, համախմբել Հայկական Սփիւռքի գիտական ներուժը եւ նպաստել Հայաստանի գիտական առաջընթացին։








All the contents on this site are copyrighted ©.