2008-12-05 12:55:49

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու

Փաքիստան կը խոստանայ հետապնդել Մումպայի յարձակումը ծրագրողները ։


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Քոնտոլիզա Ռայս Դեկտեմբեր 4-ին Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ յայտնեց, որ Փաքիստան երաշխիքներ տուած է, որ արմատախիլ պիտի ընէ ահաբեկչութիւնը եւ ձերբակալէ ոեւէ մէկը, որ առնչուած է անցեալ շաբաթ Հնդկաստանի Մումպայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած յարձակումին։

Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարի յայտնեց Քոնտոլիզա Ռայսին, որ ինք Հնդկաստանէն խնդրած է ՙ ՙԱյդ դէպքը միասին գործելու առիթ մը նկատել՝ այլ տարակարծութիւն մը ստեղծելու փոխարէն՚ ՚ յայտնելով, որ մտադիր է իր կարողութեանս սահմաններուն մէջ ամէն բան ընել։ Մումպայի յարձակումներուն ետին կանգնելու առնչութեամբ գլխաւոր կասկածելին Քաշմիրի մէջ հնդկական իշխանութեան դէմ պայքարող եւ Քայիտայի հետ կապեր ունեցող ժիհատական Լաշխար-է-Թայպա կազմակերպութիւնն է։ Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ այդ կազմակերպութիւնը անցեալին փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութեանց հետ կապեր ունէր։ Յայտնենք թէ Ռայս չորեքշաբթի օր Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով այցելեց Հնդկաստան։



Սուրիա եւ Կիպրոս քարիւղի համաձայնութիւն մը կը քննարկեն։

Հակառակ Թուրքիոյ առարկութեանց, Սուրիա հինշաբթի օր խոստացաւ անդրցամաքային քարիւղի եւ կազի հետազօտութեան համար Կիպրոսի հետ գործակցիլ։

Սուրիոյ քարիւղի նախարար Սուֆիան Ալաօ կիպրացի պաշտօնատարներու հետ կատարուած բանակցութիւններէ ետք յայտնեց, որ շրջանը խոստմնալից է։ Կը յուսանք Միջերկրականի մէջ քարիւղի եւ կազի լաւ պահեստներ գտնել։

Կիպրոսի առեւտուրի նախարար Անթոնիս Փասքալիտես իր կարգին յայտնեց, որ Կիպրոս մօտ ատենէն Սուրիոյ հետ ընդծովեայ քարիւղի հետազօտութեան սահմաններու նշման համաձայնութիւն պիտի ստորագրէ։ Կիպրոս նոյնպիսի համաձայնագիրներ ստորագրած է Եգիպտոսի եւ Լիբանանի հետ, ինչ որ Թուրքիան մղած է բողոքելու, թէ համաձայնութիւնները կը վնասեն թուրք կիպրացիներու շահերուն։ Թուրքիա կ՛ընդդիմանայ Կիպրոսի անդրցամաքային քարիւղի հետազօտութիւններուն՝ յայտնելով, որ ան շրջանին մէջ իրաւունքներ ունի եւ թուրք կիպրացիները պէտք է հարցին մէջ խօսք ունենան։

Կիպրոս ամբաստանած է Թուրքիան 13 նոյեմբերէն ի վեր չորս առիթներով ապագայ քարիւղի արտահանման իր նշանակած վայրերուն մէջ հետազօտութիւն կատարող նաւերուն նեղութիւն տալուն համար։

Թուրքիա յայտնած է, որ նմանօրինակ երկու դէպքեր պատահած են իր ջրային տարածքներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.