2008-12-04 12:49:08

Կիներու Հանդէպ Բռնութիւնը Հայաստանի մէջ։


Ինչ կ՝ըսէ այս ուղղութեամբ Էմնիսթի Ինթէրնէշընըլ Միջազգային Կազմակերպութիւնը։

՝՝Կիներու աւելի քան քառորդ տոկոսը Հայաստանի մէջ ծեծի կամ հարուածի զոհ դարձած է՝ իր ընտանիքի անդամի մը կողմէ. իսկ մօտաւորապէս երկու երրորդը հոգեբանական ճնշումի ենթարկուած է սակայն պետութիւնը դեռ ի վիճակի չէ արգիլելու, հետաքննելու եւ պատժելու՝ կիներու հանդէպ գործուող բռնարարքները,(կըսէ Միջազգային Ներում կազմակերպութիւնը, տասներեք Նոյեմբերին հրատարակած իր մէկ տեղեկագրին մէջ)։՝՝Կիները Հայաստանի մէջ կը տուժեն, բարձր համեմատութիւններով, բռնարարքներէ կամ հոգեբանական եւ սեռային շահագործումէ՝ ընտանիքէ ներս եւ աշխատանքի միջավայրին մէջ։ Ասիկա զիրենք կը դարձնէ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման զոհեր՝՝։ Դժբախտաբար, այս տեսակէտը լայնօրէն հասկնալի չէ Հայաստանի մէջ, (կաւելցնէ Հայաստանի համար ճշդուած Միջազային Ներումի մասնագէտը՝ Լորենս Պրոերս)։ ՝՝Կարելի չէ, որ ընտանեկան արժէքներու եւ աւանդութիւններու պաշտպանութեան նախապատուութիւն տրուի՝ կիներն ու աղջիկները արժանապատուութեամբ ապրելու իրաւունքէն զրկելու գնով իսկ՝՝։ Միջազային Ներումի տեղեկագիրը կ՝անդրադառնայ կիներուն դէմ կիրարկուող տարբեր բնոյթի բռնութիւններուն՝ ներառնելով տան մէջ տեղի ունեցող բռնի արարքները, նաեւ աշխատանքի միջավայրին մէջ սեռային նեղութիւն ու նուաստացում պատճառող ճնշումները։ Յաւելեալ՝ կը մատնանշէ պատճառները, թէ ինչո՛ւ այսպիսի յանցագործութիւններ չեն յայտնաբերուիր եւ յանցաւորները կը մնան անպատիժ։



՝՝Կինը բուրդի նման է որքան ծեծես, այնքան աւելի փափուկ կը դառնայ՝՝ ժողովրդային ասացուածքը կարտացոլայ այն իրողութիւնը, թէ որքա՜ն խորապէս արմատացած մտայնութիւն է տնային բռնութիւնը բնականօրէն ընդունիլը, ինչ որ կիներու դիմագրաւած ու յաղթահարելիք մեծագոյն դժուարութիւնն է։ Դժուարութիւններու կարգին կը նշուին սեռային բռնաբարումի զոհերուն ՝՝մատով ցոյց տալու՝՝ ընկերային ՝՝արատը՝՝, ոստիկանութեան ցուցաբերած դժկամակութիւնը՝ տնային բռնութեան պարագաները քննարկելու, զոհերուն համար ապաստանարանի եւ նեցուկի պակասը։

2002էն սկսեալ կարգ մը ապաստանարաններ հիմնուեցան եւ իրենց դռները բացին զոհերուն առջեւ, հակառակ իրենց դէմ ուղղուած այն քննադատութիւններուն, թէ այդպիսով տան ներքին խնդիրներն ու բռնութիւնը հանրային հարցի կը վերածեն։ Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ իրագործուած այս ապաստանարանները մեծ մասամբ պարտաւորուեցան փակուիլ կամ իրենց գործունէութիւնը նուազեցնել՝ նիւթական դժուարութիւններու եւ հիմնադրամի պակասի հետեւանքով։ Իշխանութիւնները չեն յաջողած կիներուն հայթայթել այլընտրանքային հնարաւորութիւններ, քանի չեն որդեգրած գործնական ա՛յն միջոցառումները, որոնք պիտի օգնեն իգական սեռին, որպէսզի կարենայ ընտանիքէն ներս պաշտպանուիլ բռնութեան դէմ, ոչ ալ երկար վազքի վրայ նեցուկ կը կանգնին կիներուն՝ բնակարանի ու աշխատանքի հնարաւորութիւններ ստեղծելով զոհերուն համար։՝՝Ընկերութեան եւ արդարադատական դրութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ կեցուածքի փոփոխութիւն հարկաւոր է, որպէսզի դադրին ճնշումները զոհերուն վրայ՝՝, (կը շեշտէ Լորենս Պրոերա Էմնիսթիի մասնագէտը Հայաստանի համար ճշդուած)։

Էմնիսթի Ինթէրնէշընըլ կոչ կուղղէ հայկական իշխանութիւններուն՝ կիներու նկատմամբ բռնութեանց դէմ պայքարելու բոլոր միջոցներով, օրէնսդրական, սահմանադրական եւ դաստիարակչական ռազմավարութիւններու ծրագրումով ու գործադրումով։ Ի մասնաւորի՝ առաջին

- Յատուկ օրէնք որդեգրել՝ տան մէջ բռնարարքները յանցագործութիւն որակելու համար։ երկրորդ

- Համագործակցութեան եզր մը գտնել զանազան կազմակերպութիւններու եւ սպասարկութեանց միջեւ, որոնց կարգին՝ ոստիկանութիւն, արդարադատութիւն, առողջապահական կեդրոններ, ապաստանարաններ եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ։ Հուսկ երրորդ

-Հանրային կարծիքը զգաստացնել, թէ կիներու նկատմամբ բռնութիւնը մարդկային իրաւունքներու բռնաբարում է եւ քրէական օրինազանցութիւն(criminal offence)։








All the contents on this site are copyrighted ©.