2008-12-04 12:45:59

Ծիսական ժամանակացոյցը


Հինգշաբթի` դեկտեմբեր 4, Գ Յիսնակաց։

Տօնն է Եգիպտոսի անապատական հայրերու. Պօղոսի, Պօղի, Եւագրի, Յովհաննէս Գբեցիի, Յովհաննէս կարճահասակի, Նեղոսի, Արսէնի, Սիսիանոսի, Դանիէլի, Սրապիոնի, Պիմէնի եւ Եգիպտոսի այլ հայրերուն։

Պօղ անապատական – Պարզամիտ, աստուածավախ հողագործ մը, որ իր կնոջը անբարոյ կենցաղէն սաստիկ սրտնեղած, ծերութեան օրերուն լքեց ընտանեկան կեանքը եւ քաշուեցաւ անապատ, ս. Անտոնի մօտ։ Իր առաքինութիւններովը ինքզինք սիրելի ընծայելով անոր, արժանի եղաւ անոր սիրոյն եւ բոլոր միաբանակիցներուն յարգանէն շրջապատուած, ապրեցաւ երկար ատեն։

Ճգնաւորներու ժամամուտէն

Քրիստոսի ճգնաւորներ, որ անօրէններու տանջանքներուն համբերեցիք, կուռքերու մոլութիւնը խափանեցիք, դուք, որ համարձակութիւն ունիք Քրիստոսի մօտ` հրեշտակներու դասին մէջ կարգուելով,կ՛աղաչենք ձեզի, բարեխօսեցէք մեր անձերուն փրկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.