2008-12-03 13:24:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 3 դեկտեմբեր 2008 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Պօղոս Զ անուան սրահը։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքի եւ ուսուցումին մասին, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց հին Ադամի եւ Նոր Ադամաի Քրիստոսի մասին

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր կ՛ուզեմ ձեզի հետ խօսիլ կապը որ կայ առաջին Ադամի եւ Քրիստոսի միջեւ Պօղոս առաքեալի համաձայն։

Հռոմէացիներու ու Կորնթացիներու ուղղած թուղթերուն մէջ Պօղոս առաքեալը կը խօսի Նոր Ադամին մասին երբ կ՛անդարադառնայ մարդկութեան անկումի մասին առաջին Ադամի մեղքին հետեւանքով։ Առաքեալը վերոյիշեալ թուղթերուն մէջ կ՛ընդգծէ շնորհքի առատութեան մասին որ մարդկութիւնը ընդունեցաւ Քրիստոսի շնորհիւ։ Եկեղեցին` հիմնուելով Պօղոս առաքեալի արդարացումի ուսուցումի վրայ, հռչակեց սկզբնական մեղքի վարդապետութիւնը, որով կը ճանչնայ Ադամի մեղքին հետեւանքները ու գործուած անհատական մեղքին պատասխանատուութիւնը։

Քրիստոս` եկրորդ Ադամը, մարդկութիւնը կ՛ազատագրէ մեղքի գերութենէն ու ապականութենէն, եւ ասիկա մեզի շնորհուած է մկրտութեան աւազանին մէջ։ Արդարեւ մկրտութեամբ մեղքէն կ՛ազատագրուինք եւ կը դառնանք Աստուծոյ զաւակներ։ Այս նոր ազատութիւնը կը դրսեւորուի Տիրոջ ծառայութեամբ մեր եղբայրներուն օգնութեան հասնելով եւ մեզ պատասխանատու կը դարձնէ ճանչցնել Քրիստոսը բոլոր անոնց որոնք տակաւին չեն ճանչցած Քրիստոսը որպէսզի ապրին այդ յոյսը որ կը բխի ոչ թէ անհատի ջանքերով, այլ Աստուծոյ ձրի սէրէն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Յիսուսի ծննդեան պատրաստութեան այս շրջանը իւրաքանչիւրիս մէջ աճեցնէ բաղձանքը աւելի խորապէս ճանչնալու ու սիրելու Քրիստոսը։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն անոնցմէ խնդրելով որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, որպէսզի իրմէ ստանաք լոյս եւ քաջութիւն։

Ունկնդրութեան աւրտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը








All the contents on this site are copyrighted ©.