2008-12-03 10:54:19

Ծիսական ժամանակացոյցը


Չիրեքշաբթի` դեկտեմբեր 3, Գ Յիսնակաց։

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Կարկամած կինը - Մինչ Շաբաթ օրերուն, ժողովարաններէն մէկուն մէջ կուսուցանէր,

ահա, կին մը եկաւ, զոր դեւը տասնութ տարիէ ի վեր հիւանդութեամբ կաշկանդած էր, եւ կարկամած՝ ամենեւին չէր կրնար վեր նայիլ։ Երբ զինք տեսաւ Յիսուս, քովը կանչեց եւ ըսաւ անոր Ով կին արձակուած ես հիւանդութենէդ։ Ձեռք դրաւ անոր վրայ, մէկէն ուղղուեցաւ եւ Աստուած սկսաւ փառաւորել։ Բարկացած խօսք առաւ ժողովրդապետը, որ ինչո՞ւ Շաբաթ օրով բժշկեց Յիսուս եւ ժողովուրդին ըսաւ Վեց օր կայ, երբ կարելի է աշխատիլ, եկէ՛ք, ա՛յդ օրերուն բժշկուեցէք եւ ոչ թէ Շաբաթ օրով։ Տէրը պատասխան տուաւ անոր եւ ըսաւ Կեղծաւորներ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը՝ Շաբաթ օրով, մսուրէն չի՞ քակեր իր եզը կամ էշը եւ չի՞ տանիր, ջուր չի՞ տար անոնց, իսկ այս, որ Աբրահամի դուստրն էր եւ սատանան կապած էր զինք տասնութ տարիէ ի վեր, այդ կապանքներէն պէտք չէ՞ր արձակել զինք Շաբաթ օրով։ Երբ այս ըսաւ, բոլորն ալ ամչցան, որոնք հակառակ կեցած էին անոր, մինչ ամբո՛ղջ ժողովուրդը կ՛ուրախանար այն փառաւոր գործերուն համար, որ անոր ձեռքով կը կատարուէին։

Մանաեխի հատիկի առակը - Եւ ըսաւ Ի՞նչ բանի նման է Աստուծոյ արքայութիւնը եւ ի՞նչ բանի նմանցնեմ այդ։ Նման է մանանեխի հատիկին, զոր մարդ մը իր պարտէզին մէջ ցանեց, բուսաւ, ծառ դարձաւ եւ երկնքի թռչունները բնակեցան անոր ճիւղերուն միջեւ։

Թթխմորի առակը - Եւ դարձեալ ըսաւ Ի՞նչ բանի նմանցնեմ Աստուծոյ արքայութիւնը։

Նման է թթխմորի, զոր կին մը առնելով, երեք գրիւ ալիւրի մէջ շաղեց, մինչեւ որ ամբողջը խմորեցաւ։

Աւետարանական մեկնաբանութիւն - Մանանախի հատիկը եւ խմորը կը լուսաբանեն Աստուծոյ Արքայութեան համեստ սկզբնաւորութիւնը եւ մեծ աճումը` ժամանակի ընթացքին։

Ս. Աստուածածնայ Շարականէն

Անստուեր լուսոյն տաճարը, Բանին անճառ արագաստը, որ փարատեցիր առաջին մօր` Եւայի տրտմալի անէծքը, խնդրէ քու Որդիէդ, Հօր Միածինէն, հաշտութեան միջնօրհէն որ հեռացնէ մեզմէ խռովութիւնը եւ շնորհէ խաղաղութիւնը մեր հոգիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.