2008-12-03 12:25:38

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


 ԻՐԱՔ։ ՝՝Եւրոպական Միութեան ու այլ Երկիրներու ցոյց տուած ցօրակցութիւնը ու հիւրընկալութիւնը Իրաքցի ապաստանեալներու նկատմամբ ուրախութիւն կը պատճառեն,բայց մեզի համար կարեւոր է որ քրիստոնեաները չմեկնին Իրաքէն,որպէսզի երկիրը չպարպուի իր ցեղային բոլոր փոքրամասնութիւններէն,քրիստոնեաները արդարեւ մաս կը կազմեն Իրաքի պատմութեան եւ մենք պէտք է աշխատինք որպէսզի անոնք կարենան ապրիլ խաղաղութեան ու հաշտութեան մէջ՝՝ այսպէս արտայայտուած է Գրգուքի Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Լուիս Սաքօ Վատիկանի Օրաթերթը ՝՝Օսսէրվաթօրէ Ռօմանոյի՝՝ տուած իր հարցազրոյցին մէջ։

ՆԱԲՕԼԻ։ Նափոլիի նշանաւոր Մսուրը 2009ին պիտի ցուցադրուի Մոսկուայի Օրթոտոքս Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Զայս յայտարարած է Նաբոլիի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Գրէշէնցիօ Սէբէ։ Արդարեւ Մոսկուայի մէջ կը կայանայ ՝՝մսուրի արուեստի ցուցահանդէսը ՝՝եւ Իտալիոյ Կառավարութեան նաեւ նպաստով Նաբոլիի Մսուրը պիտի մասնակցի այս ցուցադրութեան։ ՝՝Մոսկուայի մէջ պիտի ցուցադրուին 700 ե 800 թուականներու դասական մսուրները եւ ժամանակակից մսուրը,որպէսզի կարելի ըլլայ տալ որքան աւելի կատարեալ համապատկերը գեղարուեստական այս արհեստաւորութեան ,որ մերն է այսինքն կը պատկանի Նափոլիի՝՝(ըսած է Կարտինալ Գրէշէնցիօ Սէբէ)։

ԱՄԵՐԻԿԱ։ Աշխարհի ամենատարեց կինը Էտնա Բարքէր մեռաւ 115 տարեկանին Ինտիանայի Շէլբայվիլ կոչուած վայրը,ուր անցուցած էր իր ամբողջ կեանքը որպէս ուսուցչուհի եւ տանտիկին։ Էտնա իր ետին կը թողու հինգ թոռնիկներ,13 ծոռեր եւ նոյնքան ծոռերու զաւակներ։ Ան մինչեւ հարիւր տարեկան իր մէկ մանչուն քով ապրեցաւ,ապա դրուեցաւ դարմանատուն մը.,արդէն մինչեւ 113 տարեկան կարող էր առանցին քալել։Այժմ Էտնայի մահով երկարակեցութեան տիտղոսը կ՝անցնի բորդուկալցի Մարիա տէ Եէզուս Տօս Սանդոսին որ արդէն թեւակոխած է 115 տարեկանի սեմը. ան կ՝ապրի իր 86ամեայ անդրանիկ աղջիկը Մարիա Մատալէնայի հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.