2008-12-03 13:04:09

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունածՄիացեալ Նահանգներու նախագահական նախկին թեկնածու՝ ծերակուտական Հիլըրի Քլինթընը պետական քարտուղար նշանակելու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը, յիշեցնելով, թէ Քլինթըն նեցուկ կանգնած էր Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու աշխատանքին եւ անցեալ Յունուարին յայտարարած էր, թէ նախագահ ընտրուելու պարագային, պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամային, իր այս ընտրանքին համար, եւ կը շնորհաւորենք ծերակուտական Քլինթընը, երկրին դիւանագիտական բարձրագոյն դիրքին նշանակուելուն առիթով։ Բնականաբար կողջունենք այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գաղափարին ջատագով մը պիտի ըլլայ Ամերիկայի պետական քարտուղարը, (կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ-գործավար Արամ Համբարեան) ։Քլինթըն 2001էն ի վեր նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն եւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութեան նուիրուած Յունուար 24 թուակիր նամակի մը մէջ շեշտած էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները աւելի սերտացնելու կարեւորութիւնը։

Ան նաեւ 2005ին ու 2006ին ստորագրած էր ծերակուտականներու կողմէ նախագահ Ճորճ Պուշի յղուած ՝՝Հայկական Ցեղասպանութեան՝՝ ճանաչումը պահանջող նամակները։



Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եռօրեայ այցելութեամբ Հելսինքի կը մեկնի՝մասնակցելու ԵԱՀԿ-ի անդամերկիրներու Արտքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հելսինքիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Փերեն տէ Պրիշամպոյի հետ.

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը պիտի հանդիպի նաեւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախաահներ Եուրի Մերզլեաքովի (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա), Մեթիու Պրայզայի (Միացեալ Նահաններ) եւ ԵԱՀԿ-ի ործող նախաահին անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ։Հելսինքիի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան պիտի հանդիպի նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Ալի Պապաճանի հետ։



Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած՝ Հայաստանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Թոտոր Սթայքովը։

Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր։ Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատած է Պուլկարիոյ հետ բարեկամական դարաւոր յարաբերութիւններու շարունակութիւն դարձած քաղաքական երկխօսութեան գոյութիւնը , եւ կարեւոր նկատած է նաեւ տնտեսական կապերու զարգացումը։ Նշուած է, որ այդ նպատակով փետրուար 2008-ին առեւտրա-տնտեսական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբ ստեղծուած է։

Մեծ կարեւորութիւն տալով երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու զարգացման, (որոնք պիտի նպաստեն նաեւ միւս մարզերուն մէջ յարաբերութիւններու յառաջընթացին), Ազգային ժողովի նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հրաւիրած է Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահը, օգտակար նկատուած է նաեւ երկու խորհրդարաններուն մէջ գործող պատգամաւորական բարեկամութեան խումբերու աշխուժ աշխատանքը։



՝՝ԹՈՒՐՔԻԱ՝՝ ՀԱՅ ԵՒ ՀՐԵԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՏԱՅ։

Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի նախագահ Եուսուֆ Զիա Էօզճան, համալսարաններու տնօրէններուն ուղղուած հրամանագիրի մը մէջ կը պահանջէ, որ Թուրքիոյ մէջ հայ եւ հրեայ ուսանողներուն արտօնուի իրենց կրօնական տօներուն ընթացքին արձակուրդ առնելը։Հրամանագիրը նոյն իրաւունքը կը պարգեւէ նաեւ համալսարաններու ակադեմական անձնակազմերու հայ եւ հրեայ անդամներուն։

Այս ՝՝Որոշումը՝՝ հրեայ եւ հայ ուսանողներու կրօնական տօները առաջին անգամ ըլլալով կը ճանչնայ ՝՝հաստատութենական՝՝ մակարդակի վրայ։

Թրքական Բարձրագոյն Կրթութեան Խորհուրդը հրամանագիրը առ ի գիտութիւն ուղարկած է Հրեաներու Աւագ Ռաբբիի Գրասենեակը եւՊոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.