2008-12-02 13:22:03

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Միջազգային աստուածաբանական յանձնախումբի ընդհանուր ժողովը


1 էն 5 Դեկտեմբեր 2008, Միջազգային աստուածաբանական յանձնախումբը իր ընդհանուր ժողովը կը գումարէ Վատիկան, գլխաւորութեամբ Հաւատոյ Ժողովի քարտուղար գերապայծառ Luis Francisco Ladaria -ի։

Ժողովականները պիտի ուսումնասիրեն բնական բարոյականի օրէնքին վաւերաթուղթը, նախքան անոր վաւերացումն ու հրատարակութիւնը։ Վաւերաթուղթին վերնագիրն է. ՝՝Ընդհանուր բարոյականի փնտռտուքով , նոր մօտեցում մը բնական օրէնքին՝՝։ Ժողովականները նաեւ պիտի ուսումնասիրեն ՝՝Աստուածաբանութեան մեթոտի նշանակութիւնը՝՝ թղթածրարը։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը դեկտեմբեր 5-ին պիտի ընդունի Միջազգային աստուածաբանական յանձնախումբի ամդամները։



Ի պատրաստութիւն Յիսուսի Ս. Ծննդեան, Քահանայապետական Տան քարոզիչը ֆրանչիսքեան հայր Raniero Cantalamessa, Յիսնակաց շրջանին, 5,12, եւ 19 Դեկտեմբերին պիտի քարոզէ Սրբազան Քահանայապետին, անոր անմիջական աշխատակիցներու ներկայութեամբ։ Հայր CantalamessaԵրեք քարոզ ները պիտի կատարէ ՙ ՙ Փրկչին Մայրը՚ ՚ մատրան մէջ, հետեւեալ նիւթին մասին. ՙ ՙ Քրիստոսի տեղը Պօղոս առաքեալի կեանքի ու մտածողութեան մէջ՚ ՚ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.