2008-12-02 13:15:23

Լուրեր հայ աշխարհէն

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը ռուսական Կազփրոմ ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերի հետ ։


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան մէկ դեկտեմբերին ընդունած է Կազփրոմ ընկերութեան վարչութեան նախագահը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը, եւ անդրադարձ կատարուած է ընթացիկ ծրագիրներուն։ Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՙ ՙԿազփրոմ՚ ՚ ընկերութեան միջեւ ծաւալող համագործակցութիւնը՝ զայն նկատելով արդիւնաւէտ եւ հեռանկարային։ Հայրենի նախագահը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման եւ հայ-ռուսական բարեկամական կապերուն զարգացման ու խորացման գործին մէջ ներդրած նշանակելի աւանդին համար Ալեքսէյ Միլլերը պարգեւատրած է ՙ ՙՊատուոյ՚ ՚ շքանշանով։



Ֆրանսացի պատմաբան՝ Ֆիլիփ Վիտըլիէ-i ՙ ՙ Թրքական Գիշեր՚ ՚ գրքին հայերէն թարգմանութիւնը։

Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած է Ֆրանսացի պատմաբան՝ Ֆիլիփ Վիտըլիէի ՙ ՙ Թրքական Գիշեր՚ ՚ հատորի հայերէն թարգմանութիւնը։ Հատորը, 2005-ին, լոյս տեսած էր Փարիզի մէջ, Ալեքսանդր Թոփչեանի թարգմանութեամբ։ Եւ 2008-ին, Գառնի ուսանողական մատենաշարը Պէյրութի մէջ, զայն լոյս ընծայեց խմբագրութեամբ՝ Վարուժան Արքեպիսկոպոս Հերկելեանի եւ հովանաւորութեամբ՝ Ատրպատականի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին։ 144 էջերէ բաղկացած սոյն գործով հեղինակը ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ Հայկական Եղեռնը, ուր զոհ գացին բազմահազար հայեր։ Հեղինակը հիմնուելով Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարող օտար դիւանագէտներու վկայութիւններու վրայ, կը գրէ Եղեռնի մասին. հպանցիկ ակնարկով կը պատկերացնէ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հայկական ձերբակալութիւնները, որոնց թիրախ հանդիսացան բժիշկներ եւ լրագրողներ, գրագէտներ եւ մտաւորականներ։

Ֆիլիփ Վիտըլիէ Թրքական Գիշեր խորագրեալ իր գործով, իւրայատուկ նպաստ մը կը բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ծանօթացնելով զայն օտար ընթերցասէր հասարակութեան։ Ան չի ծածկեր իր հայանպաստ դիրքորոշումը, եւ ցոյց կու տայ իր գորովն ու խանդաղատանքը՝ 1915 թուականին զոհուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու հանդէպ։



Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին պաշտօնական բացումը։

2-էն 5 դեկտեմբեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ, (Անթիլիաս) տեղի կ՝ունենայ Ազգային ընդհանուր ժողովը որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, երեքշաբթի 2 դեկտեմբերի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արամ Ա Կաթողիկոսին ։ Վեհափառին հրաւէրով Անթիլիասի մայրավանք կը գտնուին արդէն թեմակալ բոլոր առաջնորդները եւ թեմերէն ընտրուած պատգամաւորները՝ մասնակից դառնալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն ժողովին որ 4 տարին անգամ մը կը գումարուի։ Ի դէպ, սոյն ժողովը, երկու տարի առաջ պէտք է գումարուէր, սակայն չգումարուեցաւ երկրին քաղաքական դէպքերուն պատճառով։








All the contents on this site are copyrighted ©.