2008-12-02 13:09:37

2008 – Քրիստոնէականի ուսուցման տարին Զրոյց 20-րդ

Մարիամ՝ Մայր Քրիստոսի եւ Մայր Եկեղեցւոյ


196-Ի՞նչ իմաստով Ս. Կոյս Մարիամը Եկեղեցւոյ Մայր է։



Ս. Կոյսը Եկեղեցւոյ Մայր է շնորհքի կարգին մէջ, որովհետեւ ան ծնաւ Յիսուս Աստուածորդին, Գլուխ Իր Մարմնին, որն է Եկեղեցին։ Խաչին վրայ Իր մահուան պահուն, Յիսուս Մարիամը Իր աշակերտին որպէս մայր տուաւ՝ ըսելով Ահա՛ մայրդ (Յովհ 19, 27)։



197-Ս. Կոյսը ինչպէ՞ս կ՛օժանդակէ Եկեղեցիին։



Իր Որդիին Համբարձումէն ետք, Ս. Կոյսը իր աղօթքներով օժանդակեց Եկեղեցիի սկզբնաւորումին։ Երկինք վերափոխուելէն ետք եւս, ան կը շարունակէ իր զաւակներուն համար բարեխօսել, բոլորին համար հաւատքի եւ սիրոյ տիպար ըլլալ եւ Քրիստոսի յորդառատ արդիւնքներէն բխող իր փրկարար ազդեցութիւնը անոնց վրայ սփռել։ Հաւատացեալները Ս. Կոյսին մէջ կը տեսնեն սրբանկարը եւ կանխակատարումը իրենց սպասող յարութեան, զինք կ՛աղերսեն փաստաբանի, աջակիցի, օգնականի եւ բարեխօսի տիտղոսի տակ։



198-Ի՞նչ տեսակ մեծարանք կը մատուցուի Ս. Կոյսին։



Մեծարանքի յատուկ պաշտամունք մը կը մատուցուի, որ էապէս կը տարբերի աստուածային պաշտամունքէն, վերապահուած՝ մի միայն Ս. Երրորդութեան։

Ս. Կոյսին նուիրուած այս մեծարանքի պաշտամունքը ինքնայատուկ ձեւով կ՛արտայայտուի Աստուածամօր ձօնուած ծիսական տօներուն եւ մարիամեան աղօթքներուն մէջ, ինչպէս՝ Վարդարանը, որ ամբողջ Աւետարանին համառօտ բովանդակութիւնն է։



199-Ինչպէ՞ս Ս. Կոյսը Եկեղեցւոյ վախճանական սրբանկարն է։



Եկեղեցին երբ մարմնով եւ հոգիով արդէն փառաւորւած` ամենասրբուհի Մարիամ Ս. Կոյսը կը դիտէ, անոր մէջ հիազմայլ կը նկատէ ա՛յն, որուն նմանելու կանչուած է ի՛նք եւս այս երկրի վրայ եւ ինչ որ պիտի ըլլայ ապա երկնային հայրենիքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.