2008-12-01 14:35:54

Եկեղեցական Գիտելիքներ

3-րդ Շաբաթ Յիսնակաց

30 Նոյեմբեր – 6 Դեկտեմբեր 2008


Յիսնակաց երրորդ շաբաթը կը սկսինք ապաշխարութեան գաղափարով. Արդարեւ կիրակի 30 նոյեմբերի աւետարանին մէջ` Յիսուս կը պահանջէ ապաշխարանքը բոլոր մարդոցմէ անխտիր, եւ կը յայտնէ նոյնիսկ սոսկալի հետեւանքը անոր որ չ՛ապաշխարեր. Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ պիտի կորսուիք։

Քրիստոսի խօսքերը ծանր կը թուին մեզի, սակայն կը յայտնեն իրականութիւն մը որ կապուած է անքակտելիօրէն աւետարանի քարոզութեան եւ Աստուծոյ արքայութեան հռչակումին աշխարհի վրայ։ Ապաշխարութիւնը առաջին հանգրուանն է մարդկային մասնակցութեանը Աստուծոյ հաստատելիք արքայութեան։ Ան ոչ միայն նախապայման է երկինք մուտքին այլ` ամենօրեայ մեր կեանքին ընկերացող ջանքն ու պարտականութիւնն է որ կ՛ընդելուզուի մեր վերելքին դէպի առաքինութեան կեանքը։

Երկուշաբթի 1 Դեկտեմբերին կը տօնենք երկու նահատակներ, մին` Իտալիայէն, իսկ միւսը` Փոքր Ասիայէն, մին` կղերական եւ միւսը`զինուորական։

- Սուրբ Գենարիոս Իտալիոյ Պենեվենթօ քաղաքի եպիսկոպոսն էր, որ քաջութեամբ դիմադրեց չարչարանքներուն եւ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոսի օրով. Իր արիւնը կը պահպանուի աղժմ սրուակի մը մէջ, Իտալիոյ Նափօլի քաղաքը, որուն պաշպան սուրբն է, Սան Ճեննարօ անունով. Կ՛ըսուի թէ տարին անգամ մը, իր տօնին օրը, արիւնը կը սկսի եռալ։

- Սուրբ Մերկիւրիոս Հռովմէական բանակին մէջ ծառայող զօրավար մըն էր որ երթալով աստիճանի բարձրացում ունեցաւ, շնորհիւ իր քաջագոծութիւններուն. Սակայն իր ընկերակիցները, նախանձելով իր դիրքին, կայսրին մատնեցին զինք որպէս քրիստոնեայ. Շատ մը չարչարանքներէ ետք` գլխատուեցաւ Կեսարիոյ մէջ։

Երեքշաբթի 2 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու աշխարհական վկաներ.

- Սուրբ Յակովիկ. Քրիստոնեայ մըն էր որ պարսկական արքունիքին մէջ կը ծառայէր, եւ հաճելի դառնալու համար թագաւորին` ուրացած էր քրիստոնէութիւնը. Ասոր վրայ իր կինն ու զաւակները խոր սուգի մատնուեցան եւ սպառնացին ուրանալ զինք, որ ուրացած էր քրիստոնէութիւնը. Յակովիկ զղջաց եւ ապաշխարեց, յայտնելով թէ ինք կը վերադառնայ դէպի քրիստոնէութիւն. Աղդ պատճառով ալ անդամահատ եղաւ եւ նահատակուեցաւ սոսկալի չարչարանքներու մէջ։

- Սուրբ Իրաւափառ, կամ Թեմիսթոքլէս, սուրբ հովիւ մըն էր որ մեժեց յայտնել թաքստոցը լեռներու մէջ ապաւինած քրիստոնեաներու. Այդ պատճառաւ` 253 թուին, ան նահատակուեցաւ։

Հինգշաբթի 4 Դեկտեմպերին կը տօնենք Եգիպտոսի սուրբ ճգնաւորները, գրեթէ բոլորն ալ աշակերտ Սուրբ Անտոն Անապատականի, որոնք 3-րդ եւ 4-րդ դարերուն` ծաղկեցուցին անապատը իրենց առաքինութիւններով։

Շաբաթ 6 Դեկտեմբերին` տօնն է Սուրբ Նիկողայոս Զմիւռնիացի հայրապետին։

Այս նշանաւոր սուրբը, որ աշխարհի բոլոր կողմերը ունի իր աղօթատեղիները, Եպիսկոպոս էր Զմիւռնիոյ կից` Միւռայ քաղաքին. Շատ նշանաւոր դարձաւ իր հրաշքներով եւ բարեգործութիւններով. Պաշտպան սուրբը հանդիսացած է նաւաստիներուն, նաւաբեկութենէ փրկած ըլլալով շատ մը նաւեր. Պաշտպանն է նաեւ մանուկներուն, ըստ աւանդութեան` յարութիւն տուած ըլլալով երեք փոքր անմեղ մանուկներու, որոնք սպաննուած էին քաղաքի մսավաճարին կողմէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.