2008-12-01 14:21:21

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

 


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։





Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ-պետութիւններու պաշտպանութեան նախարներու լիագումար նիստը։

Ժողովին մասնակցեցան Հայաստան, Ռուսաստան, Տաճիկիստան, Ղըրխզիստան, Ղազախիստան, Պիելառուս եւ Ուզպեքիստան։ Սոյն Երկիրներու նախարարները նիստի աւարտին ստորագրեցին 8 համաձայնագրեր։ Արդարեւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Վարչական համալիրէն ներս անցեալ շաբաթավերջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ-պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու լիագումար նիստը։ Հայաստանը ներկայացուց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, Ռուսիան՝ Անաթոլի Սերդիւկովը, Տաճիկիստանը՝ Շերալի Շայլուվլոեւը, Ղըրխզիտանը՝ Բակտիբեկ Կալիեւը, Ղազախստանը՝ Տանիէլ Ախմետովը, Պիելառուսը՝ Լեոնիտ Մալցեւը, Ուզպեքիստանը՝ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ռուստամ Նիյազովը։ Նիստի ընթացքին նախարարներուն կողմէ ստորագրուեցան շուրջ 8 համաձայնագրեր։



Հայաստան չի հաստատեր իր մասնակցութիւնը Պաքուի համաժողովին։

Հայաստանը չի հաստատեր իր մասնակցութիւնը Եւրոպական Խորհուրդի անդամ երկիրներու մշակոյթի նախարարներու համաժողովին, որ նախատեսուած է Պաքուի մէջ կատարել Դեկտեմբեր 2-3ին։ Ինչպէս Նովոստի-Ազերպայճան-ին փոխանցուած է Ատրպէյճանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աբուլֆազ Գարաեւի կողմէ, Հայաստանը Եւրոպայի խորհուրդէն ստացած է համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցութեան հրաւէր, սակայն մասնակիցներու պաշտօնական գրանցումը արդէն աւարտած է, եւ Հայաստան դեռ չէ հաստատած իր մասնակցութիւնը։ ՝՝Միջ-մշակութային Երկխօսութիւնը Եւրոպայի եւ հարեւան տարածաշրջաններու մէջ կայուն զարգացման եւ խաղաղութեան հիմք՝՝ խորագրով համաժողովին կակնկալուի նաեւ Արաբական երկիրներու լիկայի մասնակցութիւնը։



Լեհաստանի մէջ կը սկսի ՄԱԿի խորհրդաժողովը որ երկրագունդի կլիմայական պայմաններու հարցով պիտի զբաղի։ Ժողովին պիտի մասնակցին 10.600 պատուիրակներ, 186 երկիրներէ եւ 1-էնմինչեւ 12 Դեկտեմբեր պիտի քննարկեն յարակից հարցեր, յանգելով համաձայնագրի մը ստորագրութեան, որ Քիոթոյի փրոթոքոլը պիտի փոխարինէ։ 1 Դեկտեմբերին տեղի կ՝ ունենայ ժողովի բացումը, Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի եւ Դանիոյ իր պաշտօնակից Անտէրս Ֆոկ Ռազմուսէնի խօսքերով։



ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայս խոստովանած Է, որ Վրաստանը եւ Ուքրանիան պատրաստ չեն անդամակցելու ՆԱԹՕ-ին։ Այս մէկը շատ պարզ է ՙ (աւելցուցած է Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական Գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման նախօրեակին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին)։



Պոլսոյ մէջ անցեալ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21ին ստորագրուած է համաձայնագիր մը թրքախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողով ստեղծելու նպատակով։ Փաստաթուղթը ստորագրած են՝ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ղազախստանի եւ Ղըրխզիստանի խորհրդարաններու ներկայացուցիչները, սակայն Թիւրքմէնիստան եւ Իւզպէքիստան մերժած են ստորագրել։



Ճատրակի ախոյեաններ հանդիսացած հայ մարզիկներու յաջողութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հայաշխարհին մէջ։

Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաքի մէջ մէջ ձեռք բերուած գերազանց յաջողութիւնը դրուատանքի խօսքերով ընդունւեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս։ Հայերը համախմբող յաղթանակ մը եղաւ այս որ եկաւ փաստելու թէ երկու տարի առաջ արձանագրուած նոյն յաղթանակը երբէք պատահական չէր։ Տրեզտընի մրցաշարքին սրտատրոփ հետեւեած էր հայութիւնը, սպասելով յաղթանակի լուրին։ Վլատիմիր Յակոբեան, Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգիսեան, Տիրան Լ Պետրոսեան, Արտաշէս Մինասեան բոլորը առանձին փայլուն անհատականութիւններ, որոնք Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին ախոյեան հանդիսացան։



Ֆրանս-հայկական դպրոց՝ ֆրանսական դեսպանատան աջակցութեամբ։

Ֆրանս-հայկական տարրական դպրոցի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։Դպրոցը բացուեցաւ 2007 թուականին Հայաստանի մէջ ֆրանսայի Դեսպանութեան աջակցութեամբ։ Դասաւանդումը կ՝իրականացուի ՀՀ եւ ֆրանսայի կրթական ծրագրերու շրջանակներուն մէջ։ Դպրոցը աւարտելէ յետոյ երախաները հաւասարապէս կը տիրապետեն ֆրանսերէն եւ Հայերէն լեզուներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.