2008-11-30 15:02:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, նոյեմբեր 30, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. Այսօր սկիզբ կ՛առնէ Յիսնակաց շրջանը, լատին եկեղեցւոյ համար, որպէս պատրաստութիւն Յիսուսի մարդեղութեան։ Կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ ուր ամէն մարդ կը կրկնէ ՝՝ժամանակ չունիմ՝՝, այդ ուղղութեամբ, Եկեղեցին բարի լուր մը ունի տալիք. Աստուած` մեզի կու տայ, իր ժամանակը, մենք միշտ քիչ ժամանակ ունինք, իսկ Տիրոջ համար գրեթէ ժամանակ չունինք, եւ ոչ ալ կ՛աշխատինք ժամանակ գտնել Տիրոջ համար եւ սակայն Տէրը մեզի համար ժամանակ ունի։ Ան մեր պատմութեան մէջ մտաւ իր խօսքով ու փրկարար գործերով, որպէսզի մեզ մասնակից դարձնէ յաւիտենականութեան։ Այդ ուղղութեամբ ժամանակը ինքնին դարձաւ հիմնական նշանը Աստուծոյ սիրոյն։ Աստուծոյ Ժամանակին երեք մեծ տարրերն են. ստեղծագործութիւնը, մարդեղութիւնը եւ վերջնական գալուստը, որ կը ներփակէ տիեզերական դատաստանը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ Յիսնակացը կը վերակոչէ Աստուծոյ բնակութիւնը մեր մէջ։ Յիսուսի Ծննդեան պատրաստութեան այս շրջանը, հրաւիր մըն է հիւրընկալելու Մարդացեալ Աստուծոյ Բանը։ Յիսնակացը հրաւէր մըն է հսկումի, որովհետեւ ամէն ռոպէին կրնանք կանչուիլ եւ հաշիւ տալ մեր գործրուն, հետեւաբար Յիսնակացը հրաւէր մըն է անջատուելու երկրաւոր բարիքներէն, դարձի գալու եւ ապաշխարելու, մեր վստահութիւնը դնելով բարեգութ Աստուծոյ վրայ։ Ս. Կոյս Մարիմաը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կը մնայ ճշմարիտ պատկերը Յիսնակաց շրջանին, Անոր դիմենք, որպէսզի օգնէ մեզի դառնալու Յիսուսի հարազատ հետեւորդները։



իսկ Մարեմեան Հրտեշտակ Տեառն աղօթքէն ետք, Սրբազան հայրը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ յիշեցուց թէ նոյեմբեր 30ին Եկեղեցին կը յիշատակէ Անդրէաս առաքեալի տօնը` եղբայրը Պետրոս առաքելապետին, երկու եղբայրները նախ եղան հետեւորները Յովհաննէս Մկրտիչին, Յիսուսի մկրտութենէն ետք, Յորդանան գետնին մէջ, անոնք դարձան Յիսուսի աշխակերտները, Յիսուսի անձին մէջ ճանչնալով Մեսիան։ Ս. Անդրէասը` պաշտպան սուրբն է Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան, Հռոմի եկեղեցին ինքզինք կապուած կը զգայ Կ.Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին եւ այդ առթիւ պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Իսդանպուլ գլխաւորութեամբ կարտինալ Քասպերի` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Այս տօնակատարութեան առթիւ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, իմ ջերմ բարեմաղթութիւններս կը յայտնեմ Բարթողոմիոս Ա պատրիարքին ու իր բոլոր հաւատացեալներուն, բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Ապա նորին սրբութիւնը ներկաները հրաւիրեց աղօթելու Mumbai զոհերուն համար որոնք թիրախ եղան ահաբեկիչներու տմարդի բռնարարգներուն, նոյնպէս խնդրեց աղօթել Նիճերիայի Ժոս քաղաքի զոհերուն համար։ Տիրոջմէն խնդրենք որ շարժէ սրտերը անոնց որոնք կը կարծեն թէ բռնարարգներով պիտի կարողանան լուծել տեղական ու միջազգային հարցերը. եւ մենք մեր կարգին աշխատինք մեր հեզութեամբ օրինակ ըլլալ, կերտելու ընկերութիւն մը արժանավայել Աստուծոյ ու մարդու։








All the contents on this site are copyrighted ©.