2008-11-29 09:36:28

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին յառաջիկայ ամիսներու ծիսական ժամանակացոյցը


RealAudioMP3 Քահանայապետկան ծիսակատարութեան գրասենեակը հրապարակած է Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին յառաջիկայ ամիսներու ծիսական ժամանակացոյցը, որ կը նախատեսէ տասնեակ սրբազան արարողութիւններ, ինչպէս Ս. Ծնունդը, Նոր Տարին եւ Աստուածայայտնութիւնը։

Նոյեմբեր 29ին Նորին սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ Յիսնակացի առաջին կիրակի օրուայ երեկոյեան ժամասացութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, յաջորդ օրը առաւօտեան ժամը 9.45-ին հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Իրենեոսի նուիրուած տաճարին մէջ վերյիշեալ սուրբին նահատակութեան 1750 տարեդարձին առթիւ։

Դեկտեմբեր 8, տօն Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան, ինչպէս ամէն տարի, Սրբազան Պապը Հռոմի ՙ ՙՍպանիա՚ ՚ կոչուած հրապարակը պիտի երթայ մեծարելու՝ հրապարակին կեդրոնը բարձրացող Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան արձանը եւ աղօթք մը պիտի կատարէ։

Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը Սրբզ. Քահանայապետը Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը պիտի մատուցէ, իսկ յաջորդ օրը դեկտեմբեր 25` տօն Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան, կէսօրին` հրապարակի կեդրոնական պատշգամէն իր ծննդեան պատգամը եւ ապա առաքելական օրհնութիւնը պիտի տայ Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։

Դեկտեմբեր 31ին, երեկոյեան ժամը 6-ին Նորին Սրբութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը։

Նոր տարին (2009) պիտի սկսի հանդիսաւոր պատարագով Ս. Պետրոս տաճարին մէջ խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, որուն կը մասնակցին Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները։

Յունուար 6, տօն Աստուածայայտնութեան, Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

Յունուար 11ին` տօն Յիսուսի մկրտութեան, Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Սիքստեան մատրան մէջ եւ մկրտութեան խորհուրդը պիտի մատակարարէ խումբ մը նորածիներուն։

Հուսկ Յունուար 25ին, Ս. Պօղոս առաքեալի դարձի յիշատակութեան օրը, Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը ու եզրափակէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.