2008-11-27 14:14:44

Վատիկան - Արամ Ա կաթողիկոսի քարոզը Ս Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։


Եկեղեցական արարողութեան ներկայ էր հաւատացեալներու բազմութիւն մը։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ թէ՛ կաթողիկէ եկեղեցականներու եւ թէ վեհափառին ընկերակցող առաջնորդ սրբազաններու մասնակցութեամբ։ Վեհափառը խօսք առնելով ըսաւ, թէ քրիստոնէական եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին վճռական դեր ունեցաւ Ս. Պօղոսը։ Ոչ միայն Սօղոսը դարձաւ Պօղոս, այլ նաեւ ան ժողովուրդներու սօղոսները պօղոսներու վերածելու աստուածատուր առաքելութեան լծուեցաւ, միջին արեւելեան երկիրներէն մինչեւ Միջերկրականը եզերող բոլոր երկիրները։ Վեհափառը յատկապէս ընդգծեց, եկեղեցին առաքելութեան վերածելու՝ անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, որ եկեղեցին վայր մը չէ՛, այլ առաքելութիւն։ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի, Կորնթոսի, Գաղտիոյ, Կիլիկիոյ եւ Հռոմի մէջ եկեղեցիներ հաստատելով առաքելութեան մղեց համայնքները եւ քրիստոնեաները։ Որովհետեւ եկեղեցին իսկական կը դառնայ ճշմարտօրէն ծառայելով եւ վկայելով։ Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ այսօր եկեղեցին պէտք ունի նոր Պօղոս առաքեալներու, որպէսզի ազատագրեն եկեղեցին ինքնաբանտարկութենէ, եւ զայն վերածեն դէպի ժողովուրդ գացող ծառայական առաքելութեան՝ զայն դարձնելով բարոյական արժէքներու յանձնառու տարածիչը։ Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին նաեւ երգուեցան հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած շարականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.