2008-11-27 09:10:34

Ծիսական ժամանակացոյցը


Հինգշաբթի, նոյեմբեր 27, Բ Յիսնակաց, տօնն է`Կեղմէս հայրապետի, Բագարատ եպիսկոպոսի եւ Գրիգոր Ակրագանդացիի։

Կեղմէս հայրապետ – Երրորդ յաջորդն է Պետրոս առաքեալի։ Ան նշանաւոր է եկեղեցական պատմութեան մէջ իբրեւ առաջինը առաքելական հայրեր անունով` ծանօթ մատենագիրներու փաղանգին։ Իր միակ եւ անվիճելի գործը կը նկատուի Կորնթոս եկեղեցիին 96 թուին գրած կարեւոր մէկ նամակը։ Սուրբ Կեղմէս հանուած է Դոմետիանոս հալածիչ կայսեր առջեւ, ու քաջաբար խոստովանած Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ այդ իսկ պատճառաւ ենթարկուած է ծանր տանջանքներուն։ Ի վերջոյ ծովամոյն մահուամբ վերջ տրուած էր իր կեանքին հաւանաբար 100 թուականին։։

Ս.Վարապետներու Շարականէն – Այսօր երկնայինները կը տօնախմբեն մեզի հետ, յիշատակը Ս. վարդապետներուն, որոնք լուսաբանեցին հաւատքի որդիները եւ կարգուեցան հրեշտակներու դասերուն մէջ։ Այսօր առաքեալներու եւ մարգարէներուն դասերը տօնակից են վերի սիոնի դուստրին հետ, Ս. վարդապետներուն յիշատակը կատարելով քահանաները եւ Ս. Եկեղեցւոյ պաշտօնեաները կը վերապատուեն յիշատակը Ս. վարդապետներուն, որոնք զարդարուեցան երկնային շնորհքներով, կ՛երգեն անոնց փառքը յաւիտեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.