2008-11-25 11:08:47

Ծիսական ժամանակացոյցը


Երեքշաբթի` նոյեմբեր 25, Բ Յիսնակաց, տօնն է` Յակոբոս ու Շմաւոն առաքեալներու



Յակոբոս ու Շմաւոն առաքեալներու միմիայն անունները կը յիշուին Աւետարաններու մէջ, եւ իրենց մասին ոչ մէկ միջադէպ պատմուած է։ Յակոբոս ծանօթ է Ալփեան կամ կրտսեր Յակոբոս անունով։ Ան Աւետարանը քարոզած է Պաղեստինի հարաւային ծովեզերքները եւ Եգիպտոս, ուր եւս նահատակուած կը կարծուի։

Շմաւոն կամ Սիոն, ծանօթ է Աւետարանի մէջ կանանացի ՛՛նախանձայոյզ՛՛ մակդիրով։ Նահատակուած կը կարծուի Պարսկաստանի մէջ։

Համօրէն առաքելոց Շարականէն։

Մաքրագործ հոգւոյն ընտրեալ եւ ձիւնափայլ անօթներ, երկրի թագաւորներ եւ աշխարհի իշխաններ, անսպառ գաձփրու բաշխողներ` ս. Յակոբ եւ Շմաւոն բարեխօս եղէք Տիրոջ մօտ մեր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.