2008-11-25 12:16:34

Լուրեր հայ աշխարհէն

Բնակարաններ՝ Մեղրիի Որբերու Դպրոցի Շրջանաւարտներուն Համար


Կառավարութեան 2008ի Մանկատան շրջանաւարտներու ծրագիրին համաձայն, ՀՕՄը բնակարաններ պիտի տրամադրէ Մեղրիի որբ եւ անապաստան երեխաներու գիշերօթիկ դպրոցի 11 շրջանաւարտներու։

Պետական աջակցութիւն՝ մանկատան շրջանաւարտներին ծրագիրին հիման վրայ, ՀՕՄը 2008ի համար ընտրեց այս տարուան շահառուները՝ հին շրջանաւարտները։ ՀՕՄը նոյն ծրագիրը պիտի իրականացնէ նաեւ 2009ի ընթացքին, իրենց 18 տարիները լրացուցած պատանիներու համար։

Միւս կողմէ, ՀՕՄի աջակցութեամբ այս տարի եւս պիտի շարունակուի Որբախնամ ծրագիրը, որմէ սովորաբար կօգտուին ծնողազուրկ եւ զոհուած ազատամարտիկներու երեխաները։ Ծրագիրը իւրաքանչիւրին կը տրամադրէ 300ական տոլարի օգնութիւն։



Լ Ղ Հ նախագահ Բակօ Սահակեանի այցը ԱՄՆ-եր

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութեան շրջագիծին մէջ 22 նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական, Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ։



Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, շրջանային վերջին զարգացումներուն, Արցախ - Միացեալ Նահանգներ կապերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական իրավիճակին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը։ Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է քոնկրեսական Փալոնի գործունէութիւնը՝ ուղղուած Հայկական հարցին եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի արդարացի լուսաբանումին ու սատարումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.