2008-11-25 11:11:14

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Արժանթին։ Պուէնոս-Այրէսի Վիլլա Լուկանօ թաղին մէջ բարձրանալիք նոր հիւանդանոցը պիտի կրէ երջանկայիշատակ ՅՊԲ.անունը։ Այս առաջարկը ստորագրած է քաղաքապետարանի խորհրդատուներու մեծամսնութիւնը։ Հիւանդանոցի անունի մասին արտայայտուելով ծրագրի պատասխանատուներէն Տանիէլ Ամորոզօ ըսած է որ՝՝ գլխաւոր դրդապատճառը որու համար հիւանդացնոցը պիտի կրէ ՅՊԲ.ի անունը ,երջանկայիշատակ Քահանայապետի հիւանդներու եւ մարդկային էակի հոգեւոր ու ձիզիքական առողջութեան նկատմամբ ունեցած մշտատեւ մտահոգութիւնն է, ու նաեւ ՅՊԲ.ի՝ Հիւանդի Համաշխարհային օրերուն լոյս տեսած պատգամներու մարդասիրական բովանդակութիւնը եւ արտակարգ զգայնութիւնը։

Նայիրոպի։ 26էն -30 Նոյեմբեր աւելի քան վեց հազար ափրիկեցի երիտասարդ քրիստոնեաներ պիտի հաւաքուին Նայիրոպիի մէջ(Գէնիա) մասնակցելու համար Թէզէյի Հասարակութեան նախաձեռնած աւանդական ժամադրութեան ՝՝ Երկրի Վրայ Վստահութեան Ուխտագնացութիւն՝՝ կոչուած խմբական երթին, օգնելու համար երիտասարդներուն իրենց ներանձնական փնտռտուքին մէջ միաժամանակ քաջալերելով զանոնք ըլլալու խաղաղութեան ու վստահութեան նախաձեռնակներ իրենց ապրած շրջանակներուն մէջ։ Այս տարուայ ուխտագնացութեան թէման է ՝՝ Յոյսը Բաժնեկցիլ՝՝։ Աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն եկած երիտասարդներու տարիքը 18-էն 30 տարեկանի միջեւ է,եւ անոնք Գէնիայէն զատ կուգան՝Ուկանտայէն,Թանզանիայէն,Պուրունտիյէն, Գոնկոյէն ու նաեւ Հարաւային Ափրիկէէն, Մատակասքարէն,Զամպիայէն,Սուտանէն, Մոզամբիքէն եւ Անկոլայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.