2008-11-25 11:16:58

Այցելութիւն Ն. Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա. Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսին

Առ Ն. Սրբութիւն Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետ


RealAudioMP3 Երկուշաբթի 24 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11,30-ին` Արամ Ա. Կաթողիկոսը ժամանեց իր շքախումբով Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապի մօտ։ Պապը զինք ընդունեցաւ պահ մը իր գրեսանեակին մէջ, ուր յետ զիրար ողջունելու եւ յիշելու իրենց վերջին հանդիպումը Նափօլի քաղաքին մէջ, լուսանկարիչներու եւ լրատուողական պաշտօնեաներու մեկնումէն ետք` մօտաւորապէս 25 վայրկեան առանձին տեսակցութիւն ունեցան իրարու հետ։ Այս հանդիպման աւարտին` երկու վեհապետները յառաջացան դէպի Վատիկանի Մայր Փրկչին մատուռը, ուր արդէն կը սպասէին իրենց այս առթիւ` աշխարհի զանազան կողմերէն Հռոմ ժամանած հայ կղերականներն ու աշխարհականները։

Նախ տեղի ունեցաւ միութենական աղօթք մը, հայկական ծէսով, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով, ուր նշելի էր որ կարգ մը աղօթքներ Սրբազան Պապը հայերէն լեզուով արտասանեց։

Ապա խօսք առաւ Սրբազան Պապը, շեշտելով որ այս հանդիպումը, որ կը հետեւի 1997-ի հանդիպումին կը ծառայէ աւելի սերտացնելու կապերը երկու եկեղեցիներու միջեւ. Ապա յայտնեց թէ Սուրբ Պօղոսի տարուան առթիւ այս այցի ընթացքին կատարուած աղօթքներով` Եկեղեցին կը միանայ բոլոր հայ սուրբերուն եւ նահատակներուն, որոնք իրենց վկայութիւնը տուին Քրիստոսի համար չարչարուելով 20-րդ դարու ընթացքին. Ի մէջ այլոց` ըսաւ թէ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացին իրաւացիօրէն կոչուած է երկրորդ տարսոնացի Պօղոս մը։

Յիշեց թէ Կիլիկեան Աթոռը որքան մեծ ջանքեր կը տանի այս օրերուն միութեան ի նպաստ եւ կը քաջալերէ միութեան ձեռնարկները եկեղեցիներու միջեւ։ Յոյսով ենք – ըսաւ ան – որ այս երկխօսութիւնները ձեր ջանքերովը աւելի մեծ արդիւնքներու յանգին եւ, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ միասնաբար ստորագրուած յայտարարութիւններուն յաջորդեն աւելի գործնական քայլեր։

Սրբազան Պապը ապահովեց թէ միշտ կ՛աղօթէ Լիբանանու եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար. Ի վերջոյ` եզրափակեց, մաղթելով որ Հռոմի այս այցելութիւնը շնորհաբեր ըլլայ իրեն եւ բոլոր ընկերացողներուն համար։

Ապա խօսք առաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ յայտնեց իր հոգեկան խորունկ ուրախութիւնը այս հանդիպման համար. Մենք պատրաստ ենք – ըսաւ ան – շարունակելու մեր նախորդներու միութենական ճանապարհը, որովհետեւ այս է միակ ճշմարիտ ուղին հետեւելու համար Քրիստոսի սիրոյ եւ միութեան պատգամին. Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան համար` միութենական շարժումը ներկայ աշխարհիս մէջ էական հարց մը դարձած է։

Կաթողիկոսը յիշեց թէ ինչպէս Կիլիկեան Աթոռը հնուց ի վեր միշտ երկխօսութեան կեդրոն եղած է ընդմէջ հայկական, բիւզանդական եւ լատինական եկեղեցիներու։ Ապա աւելցուց. Այսօր` բաժանեալ Եկեղեցի մը չի կրնար Աւետարանի պատգամը հաւատալի եւ գործնական կերպով հաղորդել աշխարհին։

Ան ըսաւ թէ ներկայ աշխարհը իր դրական յեղաշրջումներով հանդերձ` երկրորդական կարգի վրայ կը դնէ քրիստոնէական աւանդութիւնները ինչպէս նաեւ քրիստոնէին ինքնութիւնը. Ուստի անհրաժեշտօրէն պէտք ունի Եկեղեցւոյ ներդրումին, գլխաւորաբար արդարութեան եւ խաղաղութեան գծով. Մասնաւորապէս ընդունելով եւ ընդունիլ տալով իրականութիւնը աշխարհի վրայ գործուած զանազան ցեղասպանութիւններուն, ի մէջ այլոց նաեւ հայկականին, արգելք հանդիսանալու համար նորագոյն ցեղասպանութիւններու։

Ի վերջոյ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու Հռոմի Եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներուն այս ուղղութեամբ։ Ան վերջացուց իր խօսքերը առողջութիւն եւ հոգեկան կորով մաղթելով Սրբազան Պապին։

Երկու վեհապետներու խօսքերուն յաջորդեց նուէրներու փոխանակաութիւն. Պենետիկտոս ԺԶ. նուիրեց Թաթէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու պրոնզեայ նկարը, շրջանակի մէջ առնուած. Իսկ Արամ Ա. նուիրեց Սրբ. Պապին Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Աղօթից գրքի հնագոյն ձեռագրին նկարապատճէնը։

Հանդիպման վերջաւորութեան` բոլոր ներկաները մօտեցան աջահամբոյրի Սրբազան Պապին եւ Կաթողիկոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.