2008-11-24 13:49:13

Լուրեր հայ աշխարհէն

Քեզ համար Հայաստան բարեգործական համերգ նուիրուած Հայաստանի համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոն 2008-ին։

Երեւանի երեք երաժշտական կրթօճախներու՝ Բաբաջանեանի անուան երաժշտամանկավարժական քոլեճի, Սարաջեանի անուան երաժշտական եւ Դանիէլեանի անուան արուեստի դպրոցներու սաները նոյեմբերի 24-ին ժամը երեկոյեան ժամը 6-ին, Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ հանդէս կու գան ՙ ՙՔԵԶ ՀԱՄԱՐ, ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն՚ ՚ խորագիրը կրող բարեգործական համերգով, որուն հասոյթը կը տրամադրուի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Հեռուստամարաթոն 2008-ին։

Այս նախաձեռնութիւնը հայ պատանի երաժիշտներու ներդրումն է հիմնադրամի կողմէն որդեգրուած գիւղական զարգացման ծրագրին, որու շրջանակներուն այս տարի կը նախատեսուի կենսական կարեւորութեան ենթակառուցուածքներու՝ դպրոցներու ու մանկապարտէզներու, ջրատարներու ու կազատարներու կառուցում ու վերակառուցում Հայաստանի եւ Արցախի գիւղական համայնքներու մէջ։

Ծրագրին մէջ ներառուած են հայկական ու արեւմտաեւրոպական դասական սիրուած ստեղծագործութիւններ, դպրոցներու լաւագոյն սաներու կողմէ, որոնց մէջ՝ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ, ու նաեւ երգչախմբային գեղեցիկ կատարումներ։ Վերջին ամիսներու ընթացքին Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ արդէն իսկ տեղի ունեցած են նմանատիպ բարեգործական համերգներ ու թատերական ներկայացումներ, որը կը վկայէ , որ Հայաստան հիմնադրամի գործունէութիւնը գնահատուած է ու արդիական։



Մանկական Բժիշկներու Միջազգային Համաժողով՝ Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ կիրակի օր սկիզբ առաւ մանկական բժիշկներու միջազգային համաժողովի աշխատանքները։ Երկօրեայ համաժողովի ընթացքին հայ գործընկերներու հետ մանկաբուժութեան նոր ուղղութիւններու զարգացման, մանկական հիւանդութիւններու եւ մահացութիւններու կանխարգելման վերաբերեալ հարցեր մանկաբոյժներ կը քննարկեն Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն եւ Ղարաբաղէն ։

Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի ու Հայաստանի մանկական բժիշկներու ընկերակցութեան նախագահ Արա Բաբլոյեան ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ 1990-2000 կարելի եղած է մանկական մահացութեան ցուցանիշը նուազեցնել 40 տոկոսով։ Նշենք, որ Հայաստանի մէջ կապրին մտային թերաճութենէ տառապող 1500էն աւելի երեխաներ։

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արմէն Խաչատրեան ներկայացուց զեկուցում մը, ուր ի յայտ եկաւ, որ արցախցի երեխաներուն մօտ, գլխաւորաբար, տարածուած են վերին շնչուղիներու հիւանդութիւններ։

Ղարաբաղի մէջ , ըսաւ նախարարը, աւելցած է չարորակ նորագոյացութիւններով (ուռուցքային) տառապող երեխաներու թիւը։ Թէեւ ԼՂՀի մէջ ծնելիութեան մակարդակի աճ արձանագրուած է, սակայն ատոր զուգահեռ, աճած են նաեւ բնածին արատներով ծնող երեխաներու թիւը եւ մանկական մահացութեան ցուցանիշը։



 


RealAudioMP3 Երեւանի երեք երաժշտական կրթօճախներու՝ Բաբաջանեանի անուան երաժշտական մանկավարժական քոլեճի, Սարաջեանի անուան երաժշտական եւ Դանիէլեանի անուան արուեստի դպրոցներու սաները նոյեմբերի 24-ին ժամը երեկոյեան ժամը 6-ին, Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ հանդէս կու գան ՙ ՙՔԵԶ ՀԱՄԱՐ, ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն՚ ՚ խորագիրը կրող բարեգործական համերգով, որուն հասոյթը կը տրամադրուի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Հեռուստամարաթոն 2008-ին։

Այս նախաձեռնութիւնը հայ պատանի երաժիշտներու ներդրումն է հիմնադրամի կողմէն որդեգրուած գիւղական զարգացման ծրագրին, որու շրջանակներուն այս տարի կը նախատեսուի կենսական կարեւորութեան ենթակառուցուածքներու՝ դպրոցներու ու մանկապարտէզներու, ջրատարներու ու կազատարներու կառուցում ու վերակառուցում Հայաստանի եւ Արցախի գիւղական համայնքներու մէջ։

Ծրագրին մէջ ներառուած են հայկական ու արեւմտաեւրոպական դասական սիրուած ստեղծագործութիւններ, դպրոցներու լաւագոյն սաներու կողմէ, որոնց մէջ՝ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ, ու նաեւ երգչախմբային գեղեցիկ կատարումներ։ Վերջին ամիսներու ընթացքին Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ արդէն իսկ տեղի ունեցած են նմանատիպ բարեգործական համերգներ ու թատերական ներկայացումներ, որը կը վկայէ , որ Հայաստան հիմնադրամի գործունէութիւնը գնահատուած է ու արդիական։



Մանկական Բժիշկներու Միջազգային Համաժողով՝ Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ մանկական բժիշկներու միջազգային Երկօրեայ համաժողովի ընթացքին հայ գործընկերներու հետ մանկաբուժութեան նոր ուղղութիւններու զարգացման, մանկական հիւանդութիւններու եւ մահացութիւններու կանխարգելման վերաբերեալ հարցեր կը քննարկեն մանկաբոյժներ Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն եւ Ղարաբաղէն ։

Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի ու Հայաստանի մանկական բժիշկներու ընկերակցութեան նախագահ Արա Բաբլոյեան ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ 1990-2000 կարելի եղած է մանկական մահացութեան ցուցանիշը նուազեցնել 40 տոկոսով։ Նշենք, որ Հայաստանի մէջ կապրին մտային թերաճութենէ տառապող 1500էն աւելի երեխաներ։

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արմէն Խաչատրեան ներկայացուց զեկուցում մը, ուր ի յայտ եկաւ, որ արցախցի երեխաներուն մօտ, գլխաւորաբար, տարածուած են վերին շնչուղիներու հիւանդութիւններ։

Ղարաբաղի մէջ , ըսաւ նախարարը, աւելցած է չարորակ նորագոյացութիւններով (ուռուցքային) տառապող երեխաներու թիւը։ Թէեւ ԼՂՀի մէջ ծնելիութեան մակարդակի աճ արձանագրուած է, սակայն ատոր զուգահեռ, աճած են նաեւ բնածին արատներով ծնող երեխաներու թիւը եւ մանկական մահացութեան ցուցանիշը։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.