2008-11-23 15:15:08

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն աղօթքը։


Կիրակի 23 նոյեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Նախքան մարեմեան աղօթքը արտասանելէ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ լատին եկեղեցին այսօր կը տօնէ Քրիստոս Թագաւորի տօնը։ Աւետարանէն գիտենք թէ Քրիստոս մերժած էր թագաւորի տիտղոսը`քաղաքական իմաստով հասկցուած, մինչ ձերբակալութեան ու դատի ընթացքին ընդունեցաւ իր թագաւորութիւնը։ Երբ Պիղատոսը հարցուց Անոր. դուն թագաւոր ե՞ս։ Յիսուս պատասխանեց . դուն կ՛ըսես որ ես թագաւոր եմ, սակայն իմ թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ, եթէ այս աշխարհէն ըլլար , իմ մարդիկը կը պայքարէին որ ես հրեաներու ձեռքը չիյնայի։ Քրիստոսի թագաւորութիւնը, արդարեւ, յայտնութիւն է ու իրականացումը Հօր Աստուծոյ թագաւորութեան, որ ամէն բանը կը կառավարէ սիրով ու արդարութեամնբ։ Հայր Աստուած իր Միածին Որդիին յանձնեց Առաքելութիւնը մարդոց տալու յաւիտենական կեանքը եւ միաժամանակ անոր տուաւ իշխանութիւնը դատելու զիրենք, այն պահէն որ ան դարձաւ մարդու Որդի։

Այսօրուան Աւետարանը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը շեշտէ Քրիստոսի տիեզերական թագաւորութեան վրայ, ինչպէ՜ս հրաշալիօրէն նկարագրած է ս. Մատթէոսը վերջին դատաստանի առակին մէջ։ Պատկերները պարզ են եւ լեզուն ժողովրդական, սակայն պատգամը յոյժ կարեւոր է, ուր կը խօսուի մեր վախճանի ճշմարտութեան մասին եւ ինչ տուելաներու վրայ պիտի դատուինք։ Անօթեցայ եւ դուք կիրակրեցիք զիս, ծարաւ էի դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս։ Ո՞վ չի ճանչնար վերջին դատաստանի առակը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անիկա մաս կը կազմէ մեր քաղաքակրթութեան։ Արդարեւ Քրիստոսի թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ, այլ բարիքը` իր լրումին կը հասցնէ։ Եթէ գործադրենք աւետարանական եղբայրսիրութիւնը, այնատեն միայն տեղ կու տանք Աստուծոյ Տէրութեան, ու անոր թագաւորութիւնը մեր միջեւ կ՛իրագործուի։

Սիրեցեալներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, Աստուծոյ թագաւորութիւնը պատիւի ու երեւնալու հարց չէ, այլ` ինչպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալը, արդարութիւնը է, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն Ս. Հոգւոյ մէջ։ Տէը մեր բարիքը կ՛ուզէ, այսինքն, կ՛ուզէ որ ամէն մարդ կեանք ունենայ։ Աստուած իր Արքայութեան մէջ կ՛ընդունի բոլոր անոնք որ ամէն օր ջանք կը թափեն իր խօսքը գործադրելու` ապրելու։ Այս պատճառաւ Ս. Կոյս Մարիամը, բոլոր արարծներու ամենէն խոնարհը, Աստուծոյ աչքին ամենէն մեծը, կը նստի որպէս Թագուհի Քրիստոս թագաւորին աջը։ Անոր բարեխօսութիւնը հայցենք որպէսզի կարենանք քրիստոնեաբար ապրիլ այս աշխարհի վրայ։

մարեմեան աղօթքին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները յիշեցնելով թէ վաղը` երկուշաբթին, Ճաբոնի Նակազաքի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ 188 նահատակներու երանացման արարողութիւնը, այրեր եւ կիներ սպաննուեցան 17-րդ դարու սկիզբը։ Այս առիթը, ըսաւ նորին սրբութիւնը, շատ նշանակալից է Ճաբոնի թէ կաթողիկէ հասարակութեան եւ թէ Ծագող Արեգակի բոլոր երկրին համար, եւ միաժամանակ, յարեց Սրբազան հայրը, իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս կը յայտնեմ, Գուպայի կաթողիկէներուն, ուր յառաջիկայ շաբաթ օրը երանելի պիտի հռչակուի եղբայր José Olallo Valdés։ Անոր կը յանձնեմ Գուպայի ժողովուրդը եւ մասնաւորապէս հիւանդները եւ խնամատարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.