2008-11-23 15:16:26

Հաճնոյ Հերոսամարտի 88րդ Տարեդարձը Նշուած Աշխարհի Չորս Ծագերուն։


Հաճընցիները, իւրաքանչիւր Հոկտեմբերին, ուր որ ալ գտնուին աշխարհի չորս ծագերուն, երբեք չեն մոռնար ոգեկոչել եւ ըստ արժանւոյն յարգել անմահ յիշատակը՝ Հաճնոյ Հերոսամարտին, ինչպէս նաեւ՝ համայն հայութեան եւ Արցախի նահատակներուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։ Հոկտեմբերի սկիզբը, Հայաստանի Նոր Հաճըն քաղաքի քաղաքապետ Գէորգ Աւետիսեան, հրաւէր յղած է Հաճնոյ հայրենակցական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետ Եփրեմ Պաղպուտարեանի՝ անձամբ ներկայ ըլլալու Հայաստանի մէջ կատարուելիք հանդիսութիւններուն, ՝՝Նոր Հաճըն՝՝ քաղաքի հիմնադրութեան 50ամեակին առթիւ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուելու Հաճնոյ հերոսամարտի 88րդ տարեդարձի նշումին եւ մատաղօրհնութեան։Եփրեմ Պաղպուտարեանին ընկերակցեցած է ԱՄՆի Լուիզիանա նահանգի Պաթոն Ռուժ քաղաքի Հաճնոյ Միութեան ատենապետ Վազգէն Գալթաքճեան եւ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն՝ նոյն միութեան ատենապետ Սարգիս Չուֆեան։ Աշխարհի չորս ծագերէն ներկայացուցիչներ ժամանած էին Երեւան՝ նոյն նպատակին համար։

88ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆՈՐ ՀԱՃԸՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ։ Հոկտեմբեր 18ի երեկոյեան, Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 88ամեակի ոգեկոչումը՝ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան, եւ մասնակցութեամբ ՀՄՄի փողերախումբին, սկաուտներուն, արծուիկներուն եւ մրջնիկներուն։Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը սկսաւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մօտակայ ճամբուն եզրին կառուցուած բեմին վրայ, ուր գեղեցիկ ու տպաւորիչ պաստառի մը վրայ գրուած էր՝ ՝՝Կանգուն էր միայն Հաճընը սիրուն՝՝։ Ներկայ էին պետական նախարար Ժան Օղասապեան, պետական երեսփոխաններ տոքթ Եղիկ Ճէրէճեան ու Մեթր Թուրսարգիսեան, Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ե. Պաղպուտարեան, օրուան հովանաւորներ՝ տէր եւ տիկին Սարգիս Գունըգուրեաններ, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ Հեճինեան, Լիբանանահայ կուսակցութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հաճընցի վեթերաններ, կրթական մշակներ, Հայաստանէն, Սուրիայէն, Անգլիայէն, Աւստրալիայէն, Ամերիկայէն ու Տուպայէն՝ յատուկ այս առիթով ժամանած հիւրեր եւ ի վերջոյ, հաճընցի եւ ոչ հաճընցի հայրենակիցներ։

ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԷՋ։, Նոյեմբեր 2ին, Կիրակի օրը, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, կատարուեցաւ յատուկ հոգեհանստեան պաշտօն՝ Հաճնոյ Հերոսամարտի եւ համայն հայութեան ու Արցախի նահատակներու հոգիներուն լուսաւորութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.