2008-11-22 13:41:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գոնկոյի եպիսկոպոսական դասի նախագահին յանձնեց 150.000 տոլար Գոնկոյի արտահաններուն ու զոհերուն համար։


Ուրբաթ օրը (21/11/2008) Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեցաւ Գոնկոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Nicolas Djomo Lola եւ անոր յանձնեց 150 հազար ամերիկեան տոլար որպէս օգնութիւն, արեւելեան Գոնկոյի մէջ տեղի ունեցող ընդհարումի արտահաններու ու զոհերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը իր այս ժէսթով ուզեց քաջալերել միջազգային հասարակութիւնը ու բարեգործական մարմինները օգնութեան հասնելու վերոյիշեալ զոհերուն։ Գերապայծառ Լոլան անձմաբ խնդրած էր հանդիպում ունենալ Սրբազան Պապին հետ, զինք տեղեակ պահելու Գոնկոյի ողբալի անցուդարձերուն մասին եւ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելու Սրբազան Հօր ցուցաբերած հոգատարութեան, Գոնկոյի բնակչութեան նկատմամբ։ Ան Սրբազան Քահանայապետէն խնդրեց որ աղօթէ Գոնկոյի համար եւ կոչեր ուղղէ միջազգային հասարակութեան որովհետեւ Քահանայապետին կոչերը շատ կարեւոր են ու արդիւնաբեր։ Հուսկ Գոնկոյի գահերէց եպիսկոպոսը մաղթեց որ իր երկրի ղեկավարները ամէն ճիգ թափեն պահպանելու երկրին ամբողջականութիւնը եւ բանակցութեան ճամբով Գոնկոն խաղաղութիւնը վերագտնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.