2008-11-22 14:01:45

Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը կը մասնակցի Լիբանանի անկախութեան 65-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան։


Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2008-ի առաւօտեան Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Մեթնի շրջանի քաղաքապետարաններու համախմբումի նախագահ Տիկ. Միրնա Մըրի տեղակալ Դոկտ. Նիքոլա Սամահա եւ անոր շքախումբը։ Մեծարգոյ հիւրերը վարժարանի մուտքին դիմաւորեց տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, իսկ վարժարանէն հայկական տարազներով զոյգ աշակերտներ, աւանդութեան համաձայն աղ ու հացով եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջով ընդունեցին հիւրերը։

Անոնք նախ կարճատեւ ընդունելութիւն մը ունեցան վարժարանի տնօրէնին գրասենեակէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գեր. Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան Հ.Կ.Մ.-ի թատերասրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 65-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ վարժարանի մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտութեան։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ վարժարանի Ծնողական Յանձնախումբի, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու անդամները։

Գեղարուեստական բաժինի աւարտին, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ մեծարելով Մըր ընտանիքին նուիրումը Լիբանան երկրին, յատկապէս Միրնա Մըրի անձին ընդմէջէն, կարեւորութեամբ յիշեց, որ ան իր հանգամանքի բերումով ամէն ինչ կ՛ընէ Մեթնի շրջանը օրէ օր աւելի ծաղկուն ու բարգաւաճ դարձնելու համար, ոչ միայն արտաքին բարեկարգումներու ճանապարհով, այլ նաեւ զգալիօրէն աճ արձանագրելով մշակութային եւ ընկերային մակարդակներու վրայ։

Օգտուելով առիթէն, Պր. Կրէկուար Գալուստ նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Պր. Անդրանիկ Մսըրլեանի, որ միշտ թիկունք ու զօրավիգ կանգնած է Մեսրոպեան վարժարանին, բոլոր մարզերէն ներս։

Հանդիսութենէն ետք, հիւրերը շրջագայեցան վարժարանին մէջ, ապա Դոկտ. Նիքոլա Սամահա իր տպաւորութիւններուն մասին անդրադարձաւ վարժարանի Ոսկեմատեանին մէջ, ուր յատկապէս կըսէ. Եթէ կը փափաքիս մէկ տարուան համար ցանք ընել՝ ցորեն ցանէ, եթէ կը փափաքիս քանի մը տարիներու համար ցանք ընել՝ ձիթապտուղ ցանէ, իսկ եթէ կը փափաքիս յաւերժի համար ցանք ընել - ամուր սերունդներ ցանէ։ Կը շնորհաւորեմ ձեզի։ Կասկած չունիմ, որ ձեր ցանած սերմերը յաւերժի ամուր սերունդն են։ Կը շնորհաւորեմ տնօրէնութեան, իր տարած աշխատանքներուն դիմաց եւ Աստուած ձեզի պահապան։








All the contents on this site are copyrighted ©.