2008-11-22 16:44:41

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


RealAudioMP3 Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

ՊՐԱԶԻԼ։ Աշխարհի ամենատարեց քահանան վախճանած։ 21 Նոյեմբերին Պրազիլի Ռէսիֆ քաղաքը վախճանած է գործունէութեան մէջ գտնուող աշխարհի ամենատարեց քահանան Աիրթոն Կուէտէս 102 տարեկանին՝որու 80 տարիները նուիրուած կրօնական կեանքին։ Կուէտէս ծնած էր 1906ին ՝Պէզէրրոս քաղաքը(Պրազիլ),նախ ուսանած Օլինտայի Կղերանոցը եւ ապա Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանը,ուր քահանայ կը ձեռնադրուէր 1928ին։ Հայրենիք վերադառնալով , պրազիլի ամենաաղքատ վայրի Օլինտայի մէջ կը հիմնէ Տօն Պօսքոյի անուան դպրոցը (Տօն Պօսքօ Սալեզեան Միաբանութեան հիմնադիրը)։ 1957ին Պիոս 12.երորդ Պապէն կը ստանայ փոխանորդ-եպիսկոպոսի տիտղոսը։ Իսկ 75 տարեկանին (հետեւելով տարիքի օրէնքին) կը ներկայացնէ իր հրաժարականը բայց Եպիսկոպոս Տոմ Հէլտէր Քամարա չընդունիր հրաժարականը,ըսելով թէ ՝՝ շատ լաւ էր եւ պէտք էր շարունակել իր գործը՝՝։ Այսպէս Հայր Աիրթոն Կուէտէս շարունակեց անդադար մատուցել Սուրբ Պատարագ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը։

ՍԱՆԹԱ ԼՈՒՉԻԱ։ Անթիլներու Սանթա Լուչիա Կղզիին վրայ կը գտնուի Գուպարիլի Վերափոխման Տիրամօր անուան Բէնէտիկտեաններու Մենաստանը ,որու յատկանշականը այն է թէ հոն ապրող նորընծայուհիները ու վանք մտնել փափաքողները Զամպիայէն եկած ափրիկեցիներ են։ Արդարեւ Անթիլներու Բէնէտիկտեանները Զամպիայի մէջ ունին տուն մը ։ Գուպարիլի Մենաստանի Աբբասուհին իտալացի մըն է մայր Մարիաննա Բինթօ,որու անուանումի առթիւ Բէնէտիկտեաններու Գահերէց Աբբահայր Տոմ Նոթքէր Վոլֆ ընդգծած թէ ՝՝ Մենաստանը մեծ ազդեցութիւն ունի Սանթա Լուչիա Կղզիի եւ Գարաիպեան Կղզիներու կեանքէն ներս՝՝։

ԱՍՄԱՐԱ։ Այս օրերուն Ասմարայի կառավարութիւնը երկրէն դուրս վտարած է մէկէ աւելի իտալացի միսիոնարներ., ինչպէս Տոնաթա Մորուցցի մայրապետը որ 16 տարիէ ի վեր կը գործէր Էրիթրէայի մէջ,ապա հայր ֆլավիօ Բաօլի 15 տարիէ ի վեր միսիոնար Ասմարայի մէջ եւ հայր Անճէլօ Ռէկացցօ սալէզեան կրօնաւորը։ Ապա անցեալ Հոկտեմբերին ստիպուած Իտալիա վերադարցած էր Լուչիա Անտրիոլէթթի իտալացի մայրապետը։ Էրիթրէացի երեք Եպիսկոպոսներ՝Մէնկհէսթէապ.Թոմաս եւ Գիտանէմարիամ արտայայտած են իրենց մօտիկութիւնը վտարուած միսիոնարներու նկատմամբ,միաժամանակ յայտնելով իրենց հակառակութիւնը եւ իրենց անձկութիւնը օտար միսիոնարներու արտաքսումի այս նոր ալիքի ի տես .,անոնց համար ասոնք փորձեր են տկարացնելու ՝՝Կաթողիկէ Եկեղեցին՝՝։ Էրիթրէայի մէջ կաթողիկէներու թիւը 250 հազար է,բնաչկութեան հարիւրէն 5 տոկոսը։Տարուայ մը ընթացքին 14 միսիոնարներ արտաքսուած են ու գրաւուած անոնց սեփականութիւնները։ Պէտք է յիշել նաեւ որ արդէն 2005ին Էրիթրէայի Կառավարութիւնը կրօնական հաստատութիւններուն ազդարարած էր թէ ՝՝միայն տեղացի միսիոնարներ կրնային ունենալ՝՝։ Կառավարութեան սանձումի այս միջոցառումները կը հարուածեն նաեւ Օրթոտոքս քրիստոնեաները. անոնց Անթոնիոս Պատրիարքը 2006ին կը պաշտօնազրկուէր , փոխանակուելով կառավարութեան հաճելի ուրիշի մը հետ։ Անթոնիոս Պատրիարքը կարելի է ըսել թէ կը գտնուի տնային կալանաւորումի տակ,մինչ իրենց հաւատքին համար ձերբակալուած քրիստոնեաներու թիւը՝աւելի քան երկուհազար է։ Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն








All the contents on this site are copyrighted ©.