2008-11-22 13:52:08

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Պարաք Օպամա Կ՝ընտրէ Հիլարի Գլինթընը։Նիւ Եորքի դեմոկրատական ծերակուտական Հիլարի Քլինթըն կուղղուի դէպի Միացեալ Նահանգներու արտաքին Գործոց նախարարի պաշտօնի գլուխը, Օպամա սակայն կը ծրագրէ արտաքին քաղաքականութեան իր խմբակը յայտարարել՝ 27 նոյեմբերին ՝՝թենքսկիվինկ տէյի՝՝ տօնէն ետք։ Քլինթընի թեկնածութիւնը առաւել եւս զօրացաւ , երբ անոր ամուսինը՝ նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն առաջարկեց իր ապագայ գործառնութեան եւ բարեսիրական գործունէութեան մասին բարոյագիտական քննութիւնը արտօնել։

Հայաստան։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկի հետ։ Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական Խորհուրդին հետ Հայաստանի կապն ու համագործակցութիւնը շատ կարեւոր եւ օտակար կը նկատէ ,մանաւանդ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով։Նախագահ Սարգսեան եւ Համմըրպըրկ անդրադարձած են՝ 1 մարտի դէպքերուն ու զարգացումներու քննարկման նպատակով ստեղծուած Յանձնախումբին աշխատանքներուն եւ ցարդ գոյացած տուեալներուն։Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ բանտարկուած եւ դատավարութեան ենթարկուածներուն պարագան։Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Ազային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ 1 մարտի դէպքերը քննող Յանձնախումբի անդամներուն հետ։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Լաթվիա գտնուող Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 20 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Լաթվիոյ հանրապետութեան նախագահ Վալտիս Զատլերսի հետ։Ողջունելով Էդուարդ Նալբանդեանին՝ նախագահը նշած է, որ Լաթվիան հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու աւելի խորացումովը եւ ամրապնդումովը։

ԱՐԹՈՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԻՐԱՆ ԿԱՅՑԵԼԷ։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նոյեմբեր 23-24-ին պաշտօնական այցելութեամբ Իրան պիտի մեկնի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արտաքին Գործոց փոխնախարար Գեղամ Ղարիբջանեան, Ազային ժողովի պատգամաւորներ Յովհաննէս Մարգարեան, Սուքիաս Աւետիսեան եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գոնկոյի եպիսկոպոսական դասի նախագահին յանձնեց 150.000 տոլար Գոնկոյի արտահաններուն ու զոհերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.