2008-11-21 12:45:25

Պօղոսեան տարի - Պօղոսի թուղթը Հռոմայեցիներուն


Պօղոսի թուղթը Հռոմայեցիներուն - Պօղոս Առաքեալի թուղթը Հռոմայեցիներուն ամէնէն երկար թուղթն է իր բոլոր գրութիւններու մէջ։ Բարենորոիչ Մարդըն Լութըր Հռոմայեցիներու թուղթին մէջ կը տեսնէր Նոր Կտակարանի գլխաւոր եւ ամէնէն կարեւոր գիրը. առ աւելի ամէնէն զուտ աւետարանը։ Անոր մէջ կայ, մեր սրտին յուզող ու յագեցնող բոլոր դժուարութիւններուն լուծումները կ՛ըսէր ան։ Մէկ խօսքով` բոլոր դարերու եւ ժամանակներու օրհնութիւնը։ Նաեւ պիտի ուզէինք աւելցնել որ, Հռոմայեցինեու թուղթը աստուածաբանական յատուկ հարստութիւն մը կը ներկայացնէ քանի ամէնէն աւելի մեկնաբանուած ու ուսումնասիրուած նամակն է ամբողջ Նոր Կտակարանի մէջ։

Պօղոս, Ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի, ինչպէս ինքզինք կը կոչէ թուղթին սկիզբը, այս խորունկ եւ կանոնաւոր թուղթը գրած է իր բոլոր սիրեցեալներուն որոնք Հռոմ են, աստուածաշնչական հիմնական հաւատքը փոխանցելու համար։

Պօղոս այս թուղթը րեց Հռոմայեցի Քրիստոնէաներուն մօտաւորապէս 49-60 թուականներուն միջեւ, այսինքն չորս Աւտարաններէն առաջ, հակարակ անոր որ Հռոմի քաղաքը երբեք չէր տեսած. Ուստի Հռոմայեցիներու առաջին գլխուն մէջ կը կարդանք. Աղօթքներուս մէջ միշտ կը խնդրեմ որ թերեւս ի վերջոյ Աստուծոյ կամքով յաջողիմ ձեր մօտ ալ։ Որովհետեւ վառ բաղձանքն ունիմ ձեզ տեսնելու, ձեզի հաղորդելու հոգեւոր պարեւներ, ձեզ ամրացնելու եւ ձեզի մխիթարակից ըլլալու հաւատքով՝` որ ձերն է նաեւ իմս։ Չեմ ուզեր որ անգիտանաք, եղբայրներ, թէ շատ անգամներ յօժարեցայ ձեզի ալ, սակայն մինչեւ հիմա արելք ունեցայ, որպէս զի ձեզմէ ալ ընտիր պտուղներ քաղեմ՝` ինչպէս միւս հեթանոսներէն։ Որովհետեւ պարտական եմ թէ՛ Յոյներուն եւ բարբարոսներուն, թէ՛ իմաստուններուն եւ անուսներուն. իմ փափաքս է, յօժար կամքով, ձեզի Հռոմայեցիներուդ ալ Աւետարանը քարոզել։

Արդ, ինչպէս անդրադարձանք Ս. Պօղոս Հիմնադիրը չէ Հռոմի Եկեղեցւոյ։ Երբ Պօղոս հասաւ Հռոմ, որ այդ ժամանակ 4000000 է աւելի կը հաշուէր, եկեղեցին արթէն տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր։ Հաւանական է որ Հռոմի Եկեղեցին մեծ մասամբ հիմնուած ըլլայ, շնորհիւ այն ներաղթականներուն, որոնք հետաքային քրիստոնեայ դարձան Ս. Պօղոսի եւ ուրիշ առաքեալներու կողմէ։ Հռոմի Եկեղեցին ուրեմն, կը բաղկանար գլխաւորապէս հաւատացեալներէ եւ փոքրամաս Հրէաններէ, քանի Հռոմայեցիներու վերջին գլխուն, այսինքն՝ 16րդ լխուն մէջ կը հիշուին նուազաոյնը հին խումբեր, որոնք կը հաւաքուէն Հռոմի քաղաքի տարբեր թաղամասերու մէջ։

Վերադարնալով Թուղթին պարունակութեան, թուղթը ունի երկու հիմնական բաժանումներ. առաջինը` վարդապետական (1,18 - 11,6), իսկ երկրորդը՝` յորդորական եւ բարոյական (12-15)։ Թուղթին վարդապետական հիմնական գաղափարն է՝` մարդուն արդարացումը։ Մարդը, կ՜ըսէ սուրբ Պօղոս, ո՛չ Օրէնքով եւ ո՛չ ալ Օրէնքի գործերով կ՛արդարանայ, այլ հաւատքով որ Աստուծոյ պարգեւն է։ Այս գաղափարին զուահեռ, Առաքեալը կը յուզէ նաեւ Հրեայ ժողովուրդին ընտրութեան, անհաւատարմութեան եւ վերջնական արդարացումին խորհուրդը, որ այնքան մօտ է Սուրբ Պօղոսի սրտին։

Սիրելի ունկնդիրներ, մեր յաջորդ խորհրդածութիւնը որպէս նիւթ պիտի ունենայ Կորնթացիներու Ա. եւ Բ. Թուղթերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.