2008-11-21 12:59:47

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը մաղթէ որ կաթողիկէ նոր սերունդը աւելի յանձնառումով գործէ քաղաքական աշխարհի մէջ եւ միաժամանակ կ՛ընդգծէ կնոջ դերը ընկերութեան մէջ։


Ընդունելով աշխարհականներու քահայանապետական խորհուրդի տարեկան լիանիստ ժողովին մասնակցողները, շուրջ 90 կաթողիկէ աշխարհականներ, Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն մաղթեց կաթողիկէ նոր սերունդի կազմաւորումը քաղաքական կեանքի, բարոյապէս անբասիր եւ իրենց ներգործութիւնները ըլլան համախոհ իրենց դաւանած հաւատքին։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը ողջունեց կնոջ յանձնառումը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ ընկերութեան մէջ։

Սրբազան Հայրը ընդգծեց հարկաւորութիւնը քրիստոնեայ աշխարհականներու աւետարանական կազմաւորումին ու հովուութեան ձեռնահասութեամբ աշխատելու հաւաքական բարիքին համար։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդը իւրայատուկ հովուական հոգատարութեամբ հետեւելու քրիստոնեայ աշխարհականներու կազմաւորման, անոնց վստահուած զանազան պաշտօններու մէջ լաւագոյնս ծառայութիւն մատուցանելու ընկերութեան։



Ուրբաթ նոյեմբեր 21 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Կարտինալ Giovanni Battista Re կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

Գերապայծառ Luis Ferrerքարտուղարը հաւատոյ ժողովի

Գերապայծառ Nicolas Lola գահերէցը Գոնկոյի եպիսկոպոսական դասի

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահը տիար Renato Schifani, անոր կողակիցը եւ շքախումբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.