2008-11-21 13:05:45

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստանի Ազգային Դրամի 15 ամեակին առթիւ հայկական դրամի յուշարձանի բացում։


ԵՐԵՒԱՆ, Հայաստանի ազգային դրամը շրջանառութեան մէջ անցնելու 15ամեակին առթիւ տեղի կռունենան շարք մը միջոցառումներ։ Այս առթիւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ճաւատեան , Նոյեմբեր 21-22ին Հայաստան հրաւիրած է Միջազգային ֆինանսական աշխարհէն հիւրեր։ Նոյեմբեր 22ին տեղի պիտի ունենայ հայկական դրամի յուշարձանի բացում։



Մանկական Եւրոտեսիլ 2008, Հայաստանէն կը մասնակցի Մոնիքա Մանուչարովա: Շաբաթ Նոյեմբեր 22ի գիշերը, Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մանկական Եւրոտեսիլ 2008 երգի մրցումը։ Սոյն մրցումին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ 13ամեայ Մոնիքա Մանուչարովան՝ Գիւմրիէն։ Ան պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած Իմ երգի հնչիւնը երգը։ Սիրուշօ որ Պելկրատի մէջ կայացած Եւրոտեսիլին գրաւած էր 4-րդ դիրքը, ներկայ պիտի գտնուի Կիպրոս, որպէսզի քաջալերէ հայ մասնակիցը։ Յայտնենք, որ այս տարի մանկական Եւրոտեսիլին պիտի մասնակցին 10-15 տարեկան՝ 16 երկիրներու պատանիներ եւ խումբեր։ Յիշեցնենք որ 2007ին Հոլանտայի Ռոթերտամ քաղաքին մէջ Արեւիկ խումբը Երազանք երգով ընդամէնը մէկ միաւորի տարբերութեամբ գրաւած էր 2րդ տեղը։



Երեւան-Մատենադարանի 800 Ձեռագիրներ Թուայնացուած։

Այս տարուան ընթացքին արդէն թուայնացուած են 600 ձեռագիրներ յայտնած է Մատենադարանի տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեան։ Մատենադարանի ձեռագիրներու թուայնացումը կը կատարուի լիբանանահայ Փիեռ Գույումճեանի նուիրած սարքի միջոցով։ Մինչեւ օրս,նշած է Գուրգէն Գասպարեան, թուայանացուած են ընդհանուր առմամբ 800 ձեռագիրներ։ Ձեռագիրներու թուայնացումը նպատակ ունի համացանցով գովազդել հայ ժողովուրդի ստեղծած մշակութային արժէքները. որմէ գիտական ուսումնասիրութիւնները շատ պիտի դիւրանան։ Մատենադարանին մէջ կը պահուին 17,000 ձեռագիր մատեաններ, որոնցմէ 13,000ը հայկական են, մնացածը՝ այլալեզու, հոն նաեւ կը պահուին 100,000 հնագոյն արխիւային նիւթեր։ Մատենադարանին մէջ կը պահուին ոչ միայն հայ մշակոյթին վերաբերող փաստեր ու տուեալներ, այլեւ՝ հայատառ գիրքեր եւ ռուսերէն, արաբերէն, յունարէն, ճափոներէն ու պարսկերէն գրականութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.