2008-11-20 13:26:56

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին ճառը կրօնաւորական կեանքի հաստատութիւններու ժողովի տարեկան լիանիստ գումարին մասնակցողներուն թիւով 60 հոգի։


Իր արտասնած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը, յիշեցուց թէ վերոյիշեալ ժողովը այս տարի կը յիշատակէ իր հիմնարկութեան 100ամեակը, արդարեւ երջանկայիշատակ Պիոս Ժ քահանայապետը 29 յունիս 1908ին հիմնած էր կրօնաւորական կեանքի հաստատութիւններու ժողովը։ Այդ դէպքը պատշաճօրէն պիտի վերակոչուի յառաջիկայ նոյեմբեր 22-ին ՛՛100 տարի նուիրեալ կեանքի ի սպաս՛՛ անուան տակ։ Մեր այսօրուան հանդիպումը, ըսաւ Սրբազան քահանայապետը, ինծի համար բարեպատեհ առիթ մըն է ողջունելու եւ գնահատելու աշխատանքը բոլոր անոնց որոնք կը գործեն այս ժողովին մէջ։ Վանականերն ու վանականուհիները Աստուծոյ ժողովուրդէն ընտրուածներ են, որոնց կեանքը ներշնչուած է առաջին դարու քրիստոնէական ապրումէն։ Կրօնաւորական կեանքի նպատակն է Աստուծոյ փնտռտուքը Յիսուսի միջոցաւ այնպէս ինչպէս Ան մարդկութեան յայտնեց Հայր Աստուածը։ Վանականները իրենց հայեացքը կ`ուղղեն դէպի անտեսանելի իրադրութիւնները որոնք յաւիտենական են, սպասելով Փրկչին փառաւոր յայտնութեան։ Վանատուները Աստուծոյ փառաբանութեան վայրեր են, հոն երկրպագութիւն կը կատարուի Աստուծոյ եւ կ՛երգուի Անոր խորհրդաւոր ներկայութիւնը աշխարհի մէջ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով, ով որ վանք կը մտնէ հոն կը գտնէ հոգեւոր ովասիս մը, ուր կը սորվի դառնալ Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտը։ Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրենք, Ան որ եղաւ ՛՛ունկնդրող կին՛՛, որպէսզի օգնէ վանականերն ու վանականուհիները միշտ հաւատարիմ մնալու իրենց կոչումին ու առաքելութեան մէջ։



Նախապէս նորին սրբութիւնը ընդունեցաւ կարտինալ Giovanni Lajolo` կառավարիչը Վատիկանի պետութեան,

եւ կարտինալ Antonio Cañizares Llovera առաջնորդը Սպանիոյ Դոլետօ թեմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.