2008-11-20 13:45:29

Կրօնաբարոյական հարցեր - Մարդուն Ծագումը ըստ Սուրբ Գրքին


Երբ կը խօսինք Սուրբ Գրքի մասին, անմիջապէս մեր առջեւ կու գան Ծննդոց Գրքի երկու պատմուածքները մարդու ծագման շուրջ։

Մինչ երկրորդին մէջ` Աստուած կը ստեղծէ նախ առաջին մարդը` Ադամը, որմէ կողին մէկ ոսկորը վերցնելով` կը շինէ առաջին կինը` Եւան. Առաջինին մէջ` Ան կը ստեղծէ մարդն ու կինը միասին, առու եւ էգ ստեղծեց զանոնք եւ որեւէ անուն մը չի դներ անոնց, միայն կը հրամայէ որ բազմանան ու աճին։

Իսկ աւելին` Աստուած կը շինէ մարդը հողէն, ուստի կը գործածէ նիւթ մը զայն մէջտեղ բերելու համար, եւ ոչ թէ զայն կը ստեղծէ ոչինչէն. Այս կէտը շատ հետաքրքրական է եւ կը բացատրէ Եկեղեցւոյ թոյլատու կեցուածքը բոլոր այն կարծիքներուն վերաբերեալ որոնք կը մտածեն թէ մարդը կրնայ յառաջ եկած ըլլալ ուրիշ կենդանական մարմնէ մը, յեղաշրջման օրէնքին համաձայն։

Իսկ գալով Ադամ եւ Եւայի պատմուածքին, երկնաւոր դրախտին մէջ, Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը, սկիզբէն ի վեր կը նկատէին զայն ոչ թէ իրական պատմութիւն մը այլ խորհրդանշական իմաստ ունեցող պատմուածք մը, գրուած այդ շրջանի – այսինքն Ք. Ա. 6-րդ դարուն ապրող – Հրէայ ժողովուրդին համար, որոնց շրջապատը արդէն լիքն էր զանազան կրօնքներու պատկանող ժողովուրդներով, որոնք, իրենց կարգին, ունէին իրենց պատմուածքները մարդու ծագման եւ տիեզերքի ստեղծման մասին։

Կը կարդանք թէ Աստուած կը ստեղծէ մարդը իր պատկերին համաձայն, այսինքն կ՛ընէ զայն հոգեղէն էակ մը, օժտուած խելքով ու կամքով, որուն պատճառաւ իրեն կը շնորհէ անմահական էութիւն մը` հոգին։ Ուստի հոգին ուղղակիօրէն կը ստեղծուի Աստուծմէ, որովհետեւ որեւէ էակ չի կրնար պարգեւել ինչ որ չունի, այսինքն անմահութիւնը։ Գալով մարմնին, ան ըստ Սուրբ Գրքին չի ստեղծուիր այլ կը շինուի Աստուծմէ, որպէս նախանիւթ ունենալով երկրի հողը։

Ուստի շատ մը աստուածաբաններ այսօր համամիտ են ընդունելու, եթէ օրին մէկը իսկապէս փաստուի անհերքելի կերպով, թէ մարդուն մարմինը կրնայ յառաջ եկած ըլլալ իրմէ առաջ գոյութիւն ունեցող կենդանի էակէ մը, այսինքն գործնականին մէջ` անասունէ մը։ Սակայն նոյնիսկ այդ պարագային, Աստուած կը միջամտէ յարմարեցնելու համար մարդուն մարմինը իր իսկ ստեղծած անմահ հոգիին։

Աստուծոյ Եկեղեցին իր շարքերուն մէջ բազմաթիւ գիտնականներ ունի որոնք աշխուժօրէն կը կատարեն պեղումներ հասնելու համար որոշ ստուգութիւններու մարդու ծագման շուրջ. Ուստի ոչ թէ միայն չ՛արգիլեր, այլ նոյնիսկ կը քաջալերէ գիտնականներու գործունէութիւնը, որովհետեւ ապահով է թէ ոչ մի խոչընդոտ կամ արգելք պիտի չյարուցանեն անոնց կատարելիք գիւտերը Սուրբ Գրքի պատմուածքին եւ Եկեղեցւոյ սորվեցուցած վարդապետութեան նկատմամբ քրիստոնեաներու հաւատքին դէմ, այլ ընդհակառակը պիտի ամրապնդուին հաւատացեալներու համոզումները եւ անոնք աւելի տրամաբանօրէն պիտի մօտենան Սուրբ Գրքի ուսուցումին։

Գիտնականները շարունակելու են ուրեմն իրենց պրպտումները. Որովհետեւ այդպէսով անոնք պիտի կարենան հասնիլ ճշմարտութեան գիտութեան, ինչ որ չի կրնար տարբեր ըլլալ Աստուծոյ յայտնած իրկանութենէն։

Մեր յաջորդ զրոյցին մէջ պիտի խօսինք մարդուս առաքելութեան մասին այս աշխարհի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.