2008-11-20 14:01:18

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հիւսիսային Իրաքի Հայ Վրէժ Գիւղի Հայութեան Օգնելու Կոչ


Վերջերս հիւսիսային Իրաք այցելած Կալէս-Հայաստան համագործակցութիւն կազմակերպութենէն Էլիան Ուիլեըմզ, շրջանի հայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով կոչ մը հրապարակած է համացանցին վրայ։ Ան կը յայտնէ, թէ հանդիպում մը ունեցած է Մոսուլէն եւ Պաղտատէն հիւսիսային Իրաքի Զախօ եւ Հայ Վրէժ գիւղեր ապաստանած հայութեան հետ եւ կը գրէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու կողմէ 1923ին հաստատուած Հայ Վրէժ գիւղի բնակչութիւնը անմիջական կարիքը ունի գիւղի երեխաները ամենամօտիկ երկրորդական վարժարան փոխադրող հանրակառքի մը (մօտաւորապէս 12,000 տոլար արժող) եւ քանի մը երեխաներու անմիջական բժշկական խնամքի։



Հայաստան - Իրան երկաթուղիի կառուցումը անհրաժեշտ է Հայաստանին համար։ Հ Հ վարչապետը Տիգրան Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը տուած է քաղաքական որոշում մը, ըստ որուն Հայաստան - Իրան երկաթուղիի կառուցումը խիստ անհրաժեշտ է Հայաստանին համար, եւ համապատասխան աշխատանքները արդէն սկսած են պետական պիւտճէի միջոցներով։ Ան աւելցուցած է, որ նախագիծին իրականացման հարցին մէջ ետդարձի ճամբայ չկայ։ Տ Սարգսեան յայտնած է, որ երկաթուղիի կառուցման երեք տարբերակ ներառող նախագիծերը հայկական գիտահետազօտական հիմնարկներուն կողմէ նախօրօք մշակուած են, կան համապատասխան նախահաշուարկներ, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուած են հիմնական բոլոր ուսումնասիրութիւնները։ Երեք տարբերակով երկաթուղին պիտի երկարի երկու երկիրներու սահմանէն մինչեւ Ջերմուկ։ Երկաթուղիի շինարարութիւնը պիտի տեւէ 5 տարի եւ կարիքը կայ 1,5-2 միլիառ տոլարի։



ՙԱրարատի Ստորոտին՚ ՚ Ցուցահանդէսի Բացումը Էրմիթաժի Մէջ։

Սան Փեթերսպուրկ- Պորիս Պիոտրովսկիի ծննդեան 100ամեակին առիթով, Հոկտեմբեր 29ին րուեցաւ Չի Էրմիթաժ թանգարանին մէջ բացումը կատաԱրարատի ստորոտին խորագիրով ցուցահանդէսին . ներկայ էին Ս Փեթերսպուրկի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, գիտնականներ, մշակոյթի գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ։ Իր բացման խօսքին մէջ Էրմիթաժի տնօրէն Միխայէլ Պիոտրովսկի նշեց, թէ ցուցահանդէսը յիշողութիւնն է Հայաստան երկրին, իրարու յաջորդող հնագոյն մշակոյթներուն, հնագիտական զարմանալի յայտնագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ անոնց ուսումնասիրման իրենց կեանքն ու տաղանդը նուիրած հնագէտներուն։ Միխայէլ Պիոտրովսկի անդրադարձած է Էրմիթաժի եւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի բազմամեայ համագործակցութեան՝ նշելով, որ թանգարանի տասնեակ աշխատակիցներ իրենց կեանքը կապած են հին Հայաստանի, եւ բազմաթիւ հայ գիտնականներ առնչուած են Էրմիթաժի աւանդութիւններուն հետ. եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի պատմութեան եւ Էրեբունի թանգարաններու աշխատակիցներուն, հիւպատոսութեան, Պոտանինի բարեգործական հիմնադրամին՝ ցուցահանդէսի նախապատրաստման եւ վարելուն համար։ Խօսք առած են նաեւ Ս Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեան եւ Ս Փեթերսպուրկի ու շրջանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նշան աբղ Պետրոսեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.