2008-11-19 13:23:52

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Պօղոսեան յոբելեան տարին, Աստուծոյ արդարութեան յայտնութիւնը, նիւթին մասին


Չորեքշաբթի 19 նոյեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։ Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքին եւ ուսուցումին մասին, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց. Աստուծոյ արդարութեան յայտնութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր կ՛ուզեմ ձեզի հետ խօսիլ Պօղոս առաքեալի արդարացումի վարդապետութեան մասին, ներշնչուելով Պօղոս առաքեալի Հռոմէացիներու ուղղած թուղթէն՝ գլուխ 3, 21-24 համարներէն, ուր առաքեալը կը վերլուծէ կապը որ կայ հաւատքի ու բարի գործերու միջեւ։

՛՛Բայց հիմա առանց Օրէնքի, Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուեցաւ` վկայութեամբ Օրէնքի եւ մարգարէներու։ Աստուծոյ արդարութիւնը կը տրուի առանց խտրութեան հաւատքով Յիսուս Քրիստոսի եւ սահմանուած է ամէն անոնց որ կը հաւատան, քանի որ ամէնքն ալ մեղանչեցին ու զրկուեցան Աստուծոյ փառքէն, սակայն ամէնքն ալ արդարացան անոր ձրի շնորհքով, զօրութեամբ փրկութեան, զոր կատարեց Յիսուս Քրիստոս՚՛՛

Պօղոս առաքեալը, երբ Յիսուսի հանդիպեցաւ Դամասկոսի ճամբու վրայ, ինքզինք անբասիր կը համարէր մովսիսական օրէնքին համաձայն։ Եւ սակայն ան այդ պահուն նոր արդարութիւն մը ճանչցաւ, ձրիօրէն տրուած իրեն եւ հիմնուած` Քրիստոսի մահուան ու յարութեան հաւատքին վրայ։ Քրիստոս դարձաւ սկիզբը ու վախճանը իր գոյութեան։ Առաքեալը ուզեց աշակերտներուն հետ բաժնեկցիլ քրիստոսական իր փորձառութիւնը։ Պօղոս, Աստուծոյ արդարութիւնը, իր քարոզութեան կեդրոնը կը դարձնէ ի յայտ դնելով անվերածելի հակադրութիւն մը երկու ընթացքներու միջեւ. առաջինը` անիկա որ հիմնուած է օրէնքի հիման վրայ, եւ երկրորդը` խաչեցեալ Քրիստոսի հաւատքի շնորհքին վրայ։ Դամասկոսի դէպքը Պօղոսին առիթ տուաւ ըմբռնելու օրէնքը տարբեր եղանակով. օրէնքը եթէ բարի է եւ եթէ Աստուծմէ կու գայ, ինքնին, անկարող է մեզ արդարացնելու , որովհետեւ կարող չէ կեանք տալ։ Այդ պարգեւը իրական կը դառնայ միմիայն Աբրահամին տրուած խոստումին կատարումով. Ս. Հոգւոյն առաքումով։ Քրիստոսի խաչը միակ բաց ճանապարհն է դէպի արդարացումը։ Պօղոս չուզեր ջնջել մովսիսսկան օրէնքը որովհետեւ Աստուծմէ կու գայ եւ Իսրայէլի ինքնութիւնը կը գոյացնէ, սակայն անոր լրումը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ եւ կ՛ապրուի սիրոյ պատուիրանին մէջ, որ Քրիստոս մեզի թողուց։ Փոխանակ ՛՛միմիայն հաւատքով՛՛ , Պօղոսի ուսուցումը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի ՛՛միմիայն Քրիստոսով՛՛ .կեդրոնը մեր հաւատքին ու աշխարհի միակ Փրկիչը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ մաղթեց որ ապրին Քրիստոսով որ կեդրոնն է մեր հաւատքին ու կեանքին։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, որպէսզի (ըսաւ Պ ԺԶ )իրմէ ստանաք լոյս եւ քաջութիւն ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը








All the contents on this site are copyrighted ©.