2008-11-19 13:33:52

Մեծ հետաքրքրութիւն Ֆեթհիյէ Չեթինի Մեծ մայրս գործին նկատմամբ։


Երեւանի Նոյեան Տապան գրատան վարիչ Հայկ Մկրտչեան հաղորդած է, թէ գրատուներուն մէջ ներկայիս ամենամեծ թիւով ծախուող գիրքը թուրք գրող Ֆեթհիյէ Չեթինի Մեծ մայրս վիպակն է։ Վերջին մի քանի շաբաթներուն գրքին մասին մեծ գովազդներ ցուցադրուեցան որ մեծ հետաքրքրութիւն տուաւ ընթերցողներուն եւ որոնք գնեցին այդ գիրքը: Անցեալ 28 հոկտեմբերին Նորավանք գիտակրթական հիմնադրամը հանդիպում մը։ կազմակերպած էր Մեծ մայրս գրքի հեղինակ Ֆեթհիյէ Չեթինի հետ։

Յիրաւի, թուրք փաստաբան, հրապարակախօս եւ Հրանդ Տինքի ընտանիքի շահերի պաշտպան Չեթինը որպէս հասարակական գործիչ եւ իրաւապաշտպան, հանրաճանաչ է ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ այլեւ՝ արտասահմանի եւ սփիւռքի մէջ։ Ֆեթհիյէ Չեթին Հայաստանի մէջ մեծապէս ճանչցուած է Մեծ մայրս գրքով, որուն երկրորդ հրատարակութեան առիթով ան Երեւան գացած է։

Ի դէպ, Ֆեթհիյէ Չեթինի գիրքը Հալէպի մէջ Սալբի Գասպարեանի կողմէ

արեւմտահայերէնով թարգմանուած է եւ հրատարակուած ։ Գիրքը ունի անգլերէն,

ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ իտալերէն թարգմանութիւններ, որոնց մասին իր ելոյթին մէջ նշեց Ռուբէն Մելքոնեան,Նորավանք հիմնադրամի փորձագէտ, ու Մեծ մայրս գրքի թարգմանիչըԽ Նա մասնակի անդրադառնալով գրքի արեւելահայերէն թարգմանութեան երկրորդ հրատարակութեան՝ ըսաւ Ֆեթհիյէ Չեթինի այցը Երեւան ինքնին ձեռքբերում է, որովհետեւ ան որոշեց շարունակել թեման՝ հարստացնելով զայն ուրիշ մէկ գրքով ալ , որը հաւանաբար կը կրէ Թոռներ պայմանական վերնագիրը։Այնուհետեւ Ֆեթհիյէ Չեթին ելոյթ ունենալով ըսաւ. ՙ ՙԳրքիս հայերէն թարգմանութիւնը ինծի համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ մեծ մայրս 9 տարեկանին արդէն զրկուած էր հայերէն խօսելու հնարաւորութենէն։ Թարգմանելով իմ գիրքս՝ Ռուբէն Մելքոնեան դարձաւ մեծ մօրս իղձերու թարգմանը։ Սա իմ առաջին այցն է Հայաստան։ 2007-ի յունուարի 19-ին, երբ կը վերադառնայի Փարիզէն, որ Հրանդ Տինքի հետ գամ, նոյն օրը զինք սպաննեցին։ Մեծ մօրս պատմութիւնը իւրատեսակ ճամբորդութիւն է ինձ համար դէպի յիշողութիւն եւ իրազեկում, որովհետեւ մինչ այդ ոչ մէկ բան գիտէինք 1915-ի մասին։ Թերեւս այդ է պատճառը, որ այս պատմութիւնը դարձաւ ուսումնասիրութեան եւ իրազեկման ճամբորդութիւն։ Իմ գրքիս հրատարակումէն ետք ինծի միացան բազմաթիւ անձեր, անոնցմէ շատերն ալ իրենց մեծ մայրերու յուշերը պատմեցին ինծի։ Գիրքը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ այն առումով, որ շնորհիւ անոր՝ մենք հաշտուեցանք իրար հետ։ Շատերը ներողութիւն կը խնդրէին, խնդրողներու մեծամասնութիւնը կիներ էին, որոնք անուշադրութեան մատնած էին իրենց մեծ մայրերու ծագումը։ Ինչ կը վերաբերի տղամարդոց, ապա անոնք եւս ներողութիւն կը խնդրէին որ իրենց պապերը հայերը սպաննած են։ Գիրքս թուրք ընթերցողները հետաքրքրեց նաեւ իրենց ընտանիքի, տոհմի պատմութեան նկատմամբ։ Ես մեծ մօրս պատմութիւնը գրեցի, որովհետեւ կ՝ուզէի հասարակութեան մարտահրաւէր կատարել։ Այդ իսկ պատճառով այս գիրքը դարձաւ անարդարութեան վերացման եւ արդար հասարակութեան ստեղծման ճամբորդութիւն, միաժամանակ՝ վիշտն ապրելու։

Մեծ մօրս նման կանայք չկարողացան 1915-ի սուգը պահել, չկարողացան նաեւ անոնք որոնք պաշտպանած էին իրենց հայ հարեւանները, հայերը՝ առաւելապէս, որովհետեւ չէին կարողացած իրենց մեռելները թաղել։ Գիրքս նաեւ չպահուած սուգը պահելու ճամբորդութիւն է։ Հիմա արդէն հասած է ժպտալու ժամանակը, սակայն միասին ժպտալու համար հարկ է, որ մենք կարողանանք հայերու հետ համատեղ սուգ պահել։








All the contents on this site are copyrighted ©.