2008-11-19 13:27:45

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայ Արուեստագէտներ Կը Նշեն Մարդկային Իրաւանց Օրը


Խումբ մը հայ արուեստագէտներ, Դեկտեմբեր 10ին Կլէնտէյլի Սայտպար սրահին մէջ՝ իրարու պիտի հանդիպին միասնաբար նշելու Մարդկային իրաւանց համաշխարհային հռչակագրին 60րդ տարեդարձը, միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելու շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները եւ անոնց առաջքը առնելու կարելիութիւնները։

Ձեռնարկին պիտի մասնակցին Էլէմընթ, Գոռ, Էլոն երաժշտական խումբերն ու Լոս Անճելըսի կենսոլորտային հարցերու յանձնակատար ու KPFK ձայնասփիւռի կայանի հաղորդավար Մարի Արմուտեան։ Ըստ Արմուտեանի, հայերն ու յատկապէս հայ արուեստագէտները յաւելեալ զգայնութիւններ ունին մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու նկատմամբ, արուեստագէտները առաջիններէն էին, որոնք ջարդուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին կը յիշեցնէ Արմուտեան ։



Ղարաբաղ-Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բացումը կատարուած է Ամերիապանքի առաջին մասնաճիւղին որուն ներկայ գտնուած է ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան։ Այս դրամատան Ստեփանակերտի մասնաճիւղին բացումով կիրականացուի եւ կիրագործուի առաջին ներդրումային դրամատան մուտքը Ղարաբաղ։



Հայազգի Դանիէլեան Եւ Համբարձումեան՝ Բռնցքամարտի Եւրոպայի Ախոյեաններ։

Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ կայացած բռնցքամարտի Եւրոպայի մրցումի աւարտին Հայաստանի երկու բռնցքամարտիկներ՝ Յովհաննէս Դանիէլեան եւ Էդուարդ Համբարձումեան նուաճած են Եւրոպայի ախոյեանի կոչում։ ՝ Հայաստանի բռնցքամարտի ազգային հաւաքականէն մասնակցած են 9 բռնցքամարտիկներ. գլխաւոր մարզիչն Է Ռաֆայէլ Սեհրաբեանը։ Հայաստանի բռնցքամարտիկները նուաճած են 2 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալներ Եւրոպայի առաջնութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.