2008-11-18 11:24:06

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը խաղաղութեան միջազգային հաւաքին մասնակցողներուն։


Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամ մը յղած է խաղաղութեան միջազգային հաւաքին մասնակցողներուն։ ՙ ՙ Խաղաղութեան քաղաքակրթութիւնը` կրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ՚ ՚ նիւթով հանդիպումը, կազմակերպուած է Sant’Egidio կոչուած եկեղեցական հասարակութենէն եւ Կիպրոսի եկեղեցիէն։ Երեք օրուայ հաւաքին կը մասնակցին Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի նախագահները։ Կարտինալ Պերթոնէ պատգամին մէջ կը յիշեցնէ թէ 22 տարի առաջ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը անձամբ նախաձեռնութիւնը առած էր Իտալիոյ Ասիզի քաղաքին մէջ միատեղ հաւաքելու աշխարհի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները, աղօթելու ՝ աշխարհի խաղաղութեան համար եւ այսպէս առիթ ստեղծած էր փարատելու ամպերը՝ փոխադարձ նախապաշարումի ու անհասկացողութեան։ Կիպրոսի միջազգային հանդիպումը հաղորդակցութեան մեծ փորձառութիւն մըն է, որու շնորհիւ իւրաքանչիւր մասնակցողին առիթ կը տրուի աչքերը բանալու իրականութեան առջեւ ու եղբայրաբար փոխանակելու իր տեսակէտները։ Միմիայն երկխօսութեան ճամբով ու անկեղծ ջանքով կարելի պիտի ըլլայ ընդունիլ բազմազանութիւնը լեզուներուն ու մշակոյթներուն, արարչագործութենէն ներս։ Հարկ է որ համոզուինք որ խաղաղութիւնը թէ պարգեւ է եւ թէ պարտականութիւն։ Բազմազանութիւնը կը ցոլացնէ Արարիչ Աստուծոյ իմաստութեան զանազանութեան։ Սրբազան Քահայանապետը մինչ յաջողութիւն կը մաղթէ ՙ ՙկրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ՚ ՚ նիւթով հանդիպումին կ`աղօթէ որպէսզի խաղաղութեան ջահը միշտ վառած մնայ, շնորհիւ մեր առօրեայ եղբայրական ու բարեկամական ներգործութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.