2008-11-18 08:53:27

Մահ Հայր Մեսրոպ Ծ. Վ. Ճուրեանի


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը եւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը կը գուժեն մահը Հայր Մեսրոպ Ծ. Վ. Ճուրեանի, որ պատահեցաւ կիրակի 17 նոյեմբեր 2008-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի 18 նոյեմբեր 2008-ին, յետ միջօրէի ժամը 15-ին, Զմմառու Վանքի Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ մարմինը պիտի փոխադրուի Միաբանական դամբարանին մէջ։

Հայր Մեսրոպ ծնած է Քեսապ 15 Յունիս 1931-ին. Փոքր տարիքին` կը յաճախէ Զմմառու փոքր Դպրեվանքը, ուր` աւարտելէ ետք իր երկրորդական ուսումները, կը մեկնի Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանը, ուր կը հետեւի փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական դասընթացքներուն, Գրրիգորեան Համալսարանի մէջ, ստանալով բարձր վկայական։ Կը ձեռնադրուի Վարդապետ` ձեռամբ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, Պէյրութի Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, 28 մարտ 1959-ին։

Կը կարգուի ուսումնապետ Զմմառու դպրեվանքին, շրջան մը կը պաշտօնավարէ Դամասկոսի մէջ, եւ ապա` երկար տարիներու ընթացքին` վերահասու կերպով կը վարէ Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան Վարժարանի տեսչութիւնը, զգալիօրէն բարձրացնելով մակարդակը սոյն վարժարանին, եւ այդ` Լիբանանեան քաղաքական պատերազմի արհաւիրքի դժուարին օրերուն։

Ապա կը վարէ Պատրիարքարանի քարտուղարութիւնը. Կ՛ըլլայ անդամ Զմմառեան Միաբանութեան Վարչական խորհուրդին եւ մի քանի տարուայ ընթացքին` նաեւ Մեծաւոր վանքին։ Ապա կը վարէ Աւետիք պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը, մինչեւ իր հիւանդութիւնը։

Իր թարգմանական գործերը մեծապէս օգտակար դարձած են համայնքի հոգեւոր վերելքին ու շինութեան համար։ Յիշենք անոնցմէ Նոր Կտակարանի եւ Սաղմոսներու թարգմանութիւնը, Նմանութիւն Յիսուսի հոգեւոր գրքոյկի թարգմանութիւնը, եւ վերջերս` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի մեծածաւալ գրքի թարգմանութիւնը, Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեանի աշխատակցութեամբ։

Վատիկանի ռատիօկայանի հայկական բաժնի տնօրէնն ու պաշտօնեաները իրենց սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Ամենապատիւ Պատրիարքին, Զմմառեան Միաբանութեան Վարչութեան եւ բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ ննջեցեալի պարագաներուն. Թող Աստուած յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ անոր նուիրեալ հոգիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.