2008-11-18 12:33:26

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայերը եւ Իտալիան հանդիպումի առիթ մը։ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի այցը Ուրուկուէյ, հանդիպումը տեղւոյն հայ Համայնքին հետ։


Հռոմ - Ուրբաթ 21 Նոյեմբեր 2008-ին 16.30-ին Իտալիոյ Ազգային մատենադարանի մէջ (Հռոմ) տեղի պիտի ունենայ դասախօսական հանդիպում մը կազմակերպուած սոյն գրադարանի, Իտալիոյ մշակոյթային նախարարութեան Լեւոնեան հայ Դպրեվանքի ու Հայ գաղութի յանձնախումբի կողմէ։ Այս առթիւ ելոյթ պիտի ունենան Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեքեան մեծաւորը՝ Հռոմի Լեւոնեան դպրեվանքին հետեւեալ նիւթին մասին . ԺԶ դարուն Իտալիոյ նպաստը հայ տպագրութեան Հռոմահայ դասախօս՝ տիկին Աննա Սիրինեան պիտի խօսի Հրանդ Նազարեանցի ՙ ՜՜Պարիի Նոր Արաքս գիւղը ՝՝ նիւթին մասին. իսկ իտալացի դասախօս՝ Մակտա Վիճիլանթէն պիտի խօսի Սքալէրո/ Նազարեանց նամակագրութեան մասին եւ Տինա Պալտասարրօ պիտի դասախօսէ՝ Լիլիանա Սքալէրո հիմնադրամի նպաստը Հռոմի ազգային մատենադարանի նիւթին մասին։



Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի այցը Ուրուկուէյ եւ հանդիպումը տեղւոյն հայ Համայնքին Հետ

Նոյեմբեր 13-14 ին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մոնթեւիտէօ կատարած այցելութեան ընթացքին, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման ու հետագայ խորացման ուղղուած մանրակրկիտ քննարկումներ կատարած է։ Յակոբեան նաեւ այցելած է համայնքային կառոյցներ, որոնց շարքին Ս Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի, հայկական ծերանոց, Ներսիսեան եւ Նուպարեան վարժարաններ, ան նաեւ իր յարգանքի տուրքը մատուցած ու ծաղիկներ դրած է Արմենիա հրապարակի վրայ գտնուող յուշարձանին առջեւ։ Հայրենի սփիւռքի նախարարը Ուրուկուէյի մարզանքի եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Լիլիան Քէշիշեանի հետ, շահագրգիռ քննարկումներ կատարած է հայաստանցի եւ ուրուկուէյցի երիտասարդներու փոխայցելութիւններու համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ։

Նոյեմբեր 15ին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեկնած է Սան Փաուլօ։ Եւ Նոյեմբեր 18- 27 պիտի այցելէ Լոս Անճելըս ուր եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն հայկական կազմակերպութիւններու ու մամուլի ներկայացուցիչներու հետ։

Հրանոյշ Յակոբեան նաեւ պիտի ծանօթանայ հայկական դպրոցներու գործունէութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ պիտի քննէ ընթացիկ հարցերու լուծման կարելիութիւնները իսկ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ, նախարարը հայկական պարբերականներու խմբագիրներուն հետ պիտի քննէ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան խնդիրները։ Հուսկ՝ Նոյեմբեր 27ին, Սփիւջքի նախարարը պիտի մասնակցի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի թելեթոնին։



Միացեալ Նահանգներ- Հայազգի Դալար Մալաքեան Կլէնտէյլի քաղաքապետութեան Կանանց յանձնաժողովի անդամ, եւ ուսանողներու ներկայացուցիչ։

Մալաքեան Քրեսենթա հովիտի երկրորդական վարժարանի աշակերտ է ան հոն հիմնած է ընկերային սպասարկութեան Միացեալ՝ փոփոխութեան համար խմբակը, որուն նպատակն է օժանդակութիւն տրամադրել իրենց բնակարաններուն մէջ խոշտանգուած կամ բռնաբարուած կանանց։ Ամերիկեան շարք մը այլ կազմակերպութեանց անդամակցած է, յօդուածներ կը գրէ Օրակարգ պարբերականին մէջ, ան շրջանի ՀՄԸՄ Շանթ մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբին խմբապետն է նաեւ կը մարզէ Հայ քոյրերու վարժարանի պասքեթպոլի խումբերէն մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.