2008-11-18 12:44:18

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն։


 Քսաններու Գերաստիճանը՝Վաշինկթընի մէջ։

Աշխարհի ղեկավարները ողջունեցին Քսաններու Գերաստիճանի արդիւնքը, որ կոչ կուղղէ միջազգային տնտեսութիւնը սառեցման եզրէն փրկելու համար՝ յաւելեալ քայլերու դիմելու։

Հանդիպումը կոչ ուղղեց համապարփակ քաղաքականութեան հակազդեցութեան մը՝ շեշտելով հարկային քաղաքականութեան, ինչպէս՝ տուրքերու նուազումով տնտեսութեան աճը վերակենդանացնելու մէջ՝ դերակատարութիւնը։Հանդիպումին կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ Գերմանիոյ նման ճարտարարուեստականացած երկիրներ, ու նաեւ Չինաստանի, Հնդկաստանի, Արժանթինի եւ Պրազիլի նման աճող տնտեսութիւններ։ Հանդիպումի մասնակցողները միջազային տնտեսութեան 85 առ հարիւրը կը ներկայացնէին։ Չինաստան յայտնեց, որ հանդիպումը միջազգային տնտեսութեան աճումին կառաջնորդէ եւ պիտի օժանդակէ՝ միջազգային ելեւմտական հաստատութեանց բարեփոխման։Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ յայտնեց, որ ղեկավարները համաձայնած են բարեփոխել միջազգային տնտեսական կառոյցները, սակայն մաքսային պաշտպանութիւնը մերժած են։

Հայութեան մեծ մէկ բարեկամին մահը։

Յունաստանի ամբողջ լրագրական ընտանիքը կը սգայ քաջ լրագրող, պատերազմական հակամարտութիւններու խիզախ թղթակից՝ Եորղոս Քիլիարիսի մահը, ամիս մը առաջ Աֆղանիստանի մէջ իր ծանր վիրաւորումի հետեւանք։ Հայութիւնը եւս իր կարգին կը սգայ հաւատաւոր իր բարեկամին մահը, որ երկար տարիներու ընթացքին միշտ գործակցութիւն ունեցած էր Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ, Արցախի ժողովուրդին մօտ գտնուելով եւ պատերազմի դժուար օրերուն՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնավարութեան ու հայութեան արդար պայքարը աշխարհին հաղորդելով։ Լրագրող Եորղոս Քիլիարիս, Հոկտեմբեր 8ին ծանրօրէն վիրաւորուած էր Աֆղանիստանի մէջ, երբ իր ինքնաշարժը տապալած էր։



Անցնող շաբաթավերջին աւարտեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայցուցիչներու պալատի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Նոյեմբեր 13ին, հիւրընկալեց Մարիոս Կարոյեանը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Մարիոս Կարոյեանի այցելութիւնը Հայաստան որպէս եղբայրական Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ, ե՛ւ որպէս հայրենակից, որ կարողացած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ՝ նման բարձր պաշտօն ու դիրք գրաւելով։

Մարիոս Կարոյեանը իր կարգին հաստատած է, թէ ինք շատ հպարտ է Հայաստան՝ իր նախնիներու երկիրը այցելելով եւ փոխանցած որ Կիպրոս մեծ փափաք ունի ընդլայնելու բարեկամական յարաբերութիւնները երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ., ան վստահութիւն յայտնած է, թէ իր այցելութիւնը նոր էջ պիտի բանայ երկու երկիրներու խորհրդարանականներու յարաբերութիւններու միջեւ։



Թրքահայ մտաւորականներ

կը բողոքեն՝Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ՆախարարԿէօնիւլի դԷմ։



Հայերու եւ Յոյներու տեղահանութիւնները պաշտպանող Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վէճտի Կէօնիւլի խօսքերը կը շարունակեն լուսարձակի տակ մնալ մեծ ընդվզում յառաջացնելով՝ Թուրքիոյ փոքրամասնական շրջանակներուն մօտ։ Այս գծով, 56 հայ, 14 թուրք եւ մէկ յոյն մտաւորականներ բաց նամակ մը յղած են Թուրքիոյ վարչապետին՝ յայտնելով իրենց վրդովումն ու զայրոյթը։ Նամակին մէջ գրուած է հետեւեալը..... ՝՝Ինչպէս գիտէք, հանրապետութեան հռչակումէն առաջ եւ վերջը պատահած դէպքերը, պատճառ դարձած են, որ յատկապէս ոչ-մահմետական բնակչութեան թիւը արտակարգ անկումներ կրէ։ Այդ պատճառով ալ միջազգային բեմահարթակներու վրայ Թուրքիան կը դատապարտուի առնուազն ցեղային մաքրագործման յանցանքով։ Երբ այսպէս է կացութիւնը, յարգելի նախարարը ցեղային մաքրագործման յանցանքը հրապարակաւ ընդունելով՝ կը գովաբանէ զայն։ Մարդկութեան դէմ յանցանք նկատուող գործադրութիւնները գովաբանելը թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային օրէնքներու համաձայն, յանցանք կը նկատուի։

Յարգելի վարչապետ, մենք որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հայ քաղաքացիներ մեծ անհանգստութիւն ապրեցանք այս անբախտ յայտարարութեան պատճառով։Մեզ խորապէս յուզեց նաեւ այն իրողութիւնը որ յայտարարութիւնը կատարուած է իշխող կուսակցութեան մէկ անդամին կողմէ, եւ կառավարութեան մաս կազմող նախարարի մը կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.