2008-11-17 12:26:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. քահանայապետին ճառը Լիբանանի նոր դեսպանին, հաւատարմագրերու ներկայացումին առթիւ


 Երկուշաբթի 17 նոյեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով տիար Ժորժ էլ Խուրի Լիբանանու նոր դեսպանը, հաւատարմագրերու նեկայացման առթիւ, խօսեցաւ Արեւելքին մէջ Լիբանանի դերին ու կոչումին մասին եւ միաժամանակ խրախուսեց լիբանանցիները որ միասնաբար ու համերաշխութեամբ ապրին։ Լիբանանը, ըսաւ Սրբազան քահանայապետը, եղած է օրրանը Միջին Արեւլքի մշակոյթներուն, այնպէս որ անոր հողին վրայ ապրող զանազան համայնքները կարողացան միասնաբար ապրիլ եղբայրակցութեան ու համագործակցութեան հոգիով։ Այնպէս որ Լիբանանը դարձաւ խորհրդանիշը համակեցութեան։ Խօսելով Լիբանանի ներքին կեանքին մասին, նորին սրբութիւնը մաղթեց որ Լիբանանի ամէն մէկ համայնք զգայ անբաժան մէկ մասը Լիբանանին ու անոր օրինական ականկալութիւնները լուրջի առնուին։ Այդ իրականացնելու համար հարկաւոր է կրթել նոր սերունդը խաղաղութեան, հաշտութեան ու երկխօսութեան հոգիով, եւ ինչպէս կ`ըսէր իմ նախորդս Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, մոռնալու չէ թէ խաղաղութեան ամէն մէկ նախաձեռնութիւն կարող է ապազինել թշնամին ու շարժել անոր սիրտը, որովհետեւ խաղաղութիւնը մեծագոյն բարիքն է ու հաղորդական։ Հուսկ Նորին սրբութիւնը Լիբանանի նոր դեսպանին երաշխաւորեց թէ Ս. Աթոռը վճռակամութեամբ կ`աշխատի Միջին Արեւելքի շրջանի խաղաղութեան ու հաշտութեան համար։ Սրբազան Քահայանապետը խօսքը ուղղելով Լիբանանի կաթողիկէ հասարակութիւններուն հրաւիրեց զանոնք ըլլալու դերակատարները միութեան ու եղբայրակցութեան։

Ապա Նորին սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեցաւ.

Կարտինալ Franc Rodé կառավարիչը կրօնաւորական հաստատութիւններուն,Կարտինալ Paul Josef Cordes նախագահը ՄԷկ Սիրտ կոչուած կաթողիկէ բարեսիրական մարմիններու քահայանապետական խորհուրդին,

եւ Կարտինալ Carlo Amigo Vallejo` առաջնորդը Սպանիայի Սեվիլլա թեմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.