2008-11-17 12:27:54

Ծիսական ժամանակացոյց


-

Երկուշաբթի նոյեմբեր 17 Ա. շաբաթ Յիսնակաց

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն - Յիսուսի իշխանութիւնը դեւերու վրայ։

(Օր մը) երբ համր դեւ մը կը հանէր (Յիսուս) եւ դեւը ելաւ, համրը խօսելու սկսաւ եւ զարմացաւ ամբողջ ժողովուրդը։ (Սակայն) անոնցմէ ոմանք ըսին Ան, դեւերու իշխանի՝ Բէեղզեբուղի ոյժով կը հանէ դեւերը։ Ուրիշներ ալ զինք փորձելով, երկնքէն նշան կ'ուզէին իրմէ։ Բայց ան, անոնց մտածութիւնները հասկնալով, անոնց ըսաւ Ամէն թագաւորութիւն, որ ինքնիր մէջ բաժնուած է՝ կը քանդուի եւ եթէ ինքնիր մէջ բաժնուած է տուն մը՝ կը կործանի։ Արդ, եթէ ինքնիր մէջ բաժնուած է սատանան՝ ինչպէ՞ս կանգուն պիտի մնայ անոր թագաւորութիւնը, քանի որ ինծի համար կ՛ըսէք, թէ ան՝ դեւերու իշխանի միջոցով կը հանէ դեւերը։ Եթէ ես Բէեղզեբուղի զօրութեամբ կը հանեմ դեւերը, ինչո՞վ պիտի հանեն ձեր զաւակները, այդ պատճառով ալ անո՛նք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։ Իսկ եթէ ես Աստուծոյ միջամտութեամբ կը հանեմ դեւերը, ուրեմն՝ ձեր վրայ հասած է Աստուծոյ արքայութիւնը։ Երբ զօրաւոր մարդ մը, զինուած պահպանէ իր տունը, ապահով վիճակի մէջ են անոր ինչքերը, բայց եթէ իրմէ աւելի զօրաւոր մը գայ անոր վրայ եւ յաղթէ անոր՝ կ`առնէ անոր ձեռքէն այն զէնքերը, որոնց վրա՛յ դրած էր ան իր յոյսը եւ պիտի բաշխէ անոր աւարը։ Ով որ ինծի հետ չէ՝ հակառակ է ինծի եւ ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ։

Աւետարանի մեկնութիւն – Զօրաւոր եւ լաւ զինուած մարդը` սատանան է. հզօրագոյնը մարդը` Յիսուս որ կը տապալէ սատանային իշխանութիւնը եւ կ՛ազատագրէ անոր տիրապետութեան տակ ինկած հոգիները։

Պահոց Շարականէն։ ԱԿ – Ո վ Տէր, անօրէնութեամբս մոլորած եմ, մի թողուր որ կորսուիմ, դուն որ կը փնտռես մոլորեալ ոչխարը։

Մեղքերովս ծանրաբեռնուած, ընկղմելու վրայ եմ, փրկէ զիս ինչպէս երբեմն փրկեցիր Պետրոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.